
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթներ տեւած հարցազրոյցներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնխումբը յստակացուց Յունիսին տեղի ունենալիք տեղական ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներու ցանկը։
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն Հայ Դատը կը զօրակցի ներկայի այդ կազմէն երկու անդամներու՝ Արա Նաճարեանին եւ Վրէժ Աղաճանեանին, ինչպէս նաեւ Էլեն Ասատրեանին, կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնխումբի ատենապետ Լուիս Պետրոսեան՝ աւելցնելով, որ Ասատրեան երկար տարիներու Հայ Դատի անդամ է, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։
Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարի (City Clerk) պաշտօնին թեկնածու Կրեկ Գրիգորեան եւս ապահոված է Հայ Դատի զօրակցութիւնը։ Ան երկար տարիներ եղած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ։
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութիւններուն Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված են դոկտ. Արմինա Կարապետան (Գ. ընտրաշրջան) Շանթ Սահակեան (Դ. ընտրաշրջան) եւ Լեռնա Ամիրեանց (Բ. ընտրաշրջան)։
Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմի ընտրութիւններուն Հայ Դատը կը զօրակցի դոկտ. Արմինէ Յակոբեանին, Իվեթ Վարդանեանին եւ Էն Ռենսֆորտին, որոնք արդէն ընտրական յաղթանակ ապահովուած են, որովհետեւ իրենց մրցակից այլ թեկածուներ չկան։
Ընտրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկլութիւններու կամ Հայ Դատի ջանքերուն աջակցելու համար դիմել admin@ancaglendale.org հասցէին։
