ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Որքա՞ն ազդեցիկ պիտի ըլլան հայերը 2040ին՝ Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի, Մոսկուայի եւ Փեքինի մէջ:
Քանի՞ Նոպէլեան մրցանակակիր պիտի ունենանք մինչեւ այդ, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիւռքի ներդրումը հայրենիքի մէջ:
Պէտք է այսօ՛ր իսկ սահմանենք մեր այդ թիրախի մակարդակը:
DiasporArm-ի նպատակային առաքելութիւններէն մէկն է կամրջել Սփիւռքի տարբեր համայնքները՝
– Միութիւններու, խումբերու եւ անհատներու միջեւ գործակցութեան դաշտ ստեղծելու,
– Նպաստելու սփիւռքահայու ու հայրենահայու կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային զարգացման:
DiasporArm-ի առաջնակարգ նպատակը երիտասարդութեան զարգացումը ապահովելը, յաջողակ եւ ազդեցիկ անհատներ պատրաստելն է՝ իբրեւ համայնքի ապագայ առաջնորդներ:
Ահաւասիկ այս տեսլականով է, որ DiasporArm-ը հիմնեց Հայ Ուսանողներու Ցանցը (ՀՈւՑ)՝ կամուրջ հանդիսանալով հայ ուսանողներու ընկերակցութիւններուն, մանկավարժներուն եւ ձեռնարկատէրերուն միջեւ:
Մանկավարժներու դերն է՝ ուսանողներուն օգնել խորհրդատուութեամբ, ինչպէս նաեւ կրթութեան, կրթանպաստներու եւ դրամաշնորհներու վերաբերող կողմնորոշիչ տեղեկատուութեամբ:
Ձեռնարկատէրերուն դերն է՝ առաջարկել աշխատանք եւ փորձաշխատանք, հովանաւորել ծրագիրներ եւ որսալ տաղանդները իրենց ձեռնարկութեան համար:
ՀՈւՑը կը կապէ՝ 1) Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնները (օրինակ՝ Ֆրանսայի Հայ Ուսանողներու ընկերակցութիւն՝ UEAF-ը եւ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ՀՈւԸ-երու համադաշնութիւնն՝ ALL-ASA-ը) Մանկավարժներու ընկերակցութիւնները, ինչպէս՝ Հայկական համախոհակիցներու ընկերակցութիւն (ASOF-ը), որ համախմբած է 135 գիտնականներ, ներառեալ՝ Նոպէլեան մրցանակի երկու դափնեկիրներ, աշխարհի 16 երկիրներէ եւ 3) Առեւտրական ընկերակցութիւններ (բժիշկներ, փաստաբաններ, ոսկերիչներ):
Առեւտրակեդրոնները համակարգելու նպատակով, DiasporArm-ը կը գործակցի HyeConnect-ի հետ, որ հայկական ընկերութիւնները իրարու կապող հարթակ է՝ միաժամանակ ունենալով ենթայանձնաժողովներ իւրաքանչիւր ոլորտի համար (բժշկութիւն, ճարտարագիտութիւն):
Մենք պէտք է զարգացնենք թուային աշխարհի ընձեռած համաշխարհային հնարաւորութիւնները եւ օգուտ քաղենք անոնցմէ՝ առիթ տալու աշակերտներու՝ Հայաստանէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն, շփուելու իրարու հետ, իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ, ինչպէս՝ փիլիսոփայութիւն, արհեստական բանականութիւն, «նանօ»-արհեստագիտութիւն, եւ կապի մէջ մտնելու ձեռնարկատէրերու հետ:
«Կրթութեան» մեր ջանքերուն մէջ կարեւոր է սահմանել մեր յաւակնութիւններու մակարդակը: Արդեօք պէտք չէ՞ մենք, բացի հայերէն դասաւանդելէ, աշխատինք բարձրացնել մեր համայնքներու կրթական, արժեհամակարգային եւ ընկերատնտեսական մակարդակը: Օրինակ առնենք հրեաները, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 0․2 տոկոսը, բայց Նոպէլեան մրցանակակիրներուն 25 տոկոսը: Մենք պարզապէս 99 տարի ետ ենք հրեայ ուսանողներու HILLEL ընկերակցութենէն, որ հիմնուած 1923ին, Իլինոյի համալսարանին մէջ, եւ այժմ ներկայացուած է առաւել քան 550 քոլեճներու եւ համայնքներու մէջ: Սակայն, մենք առաւելութիւն ունինք՝ շնորհիւ գոյութիւն ունեցող յենանիշին: Այստեղ պիտի հրաւիրեմ բոլոր թերահաւատները՝ քայլ մը կողմ քաշուելու…:
Այս նախաձեռնութեամբ եւ կիպերնային (Ciber) աշխարհին մէջ, մենք պէտք է հասնինք սփիւռքահայ մանուկներու 97 տոկոսին, որոնք հայկական վարժարան չեն յաճախեր, յատկապէս «Նոր Սփիւռք»էն՝ ցրուած Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ, որոնք հասակ կ՛առնեն ընտանիքներու մէջ, յաճախ լաւապէս չհամակրուած տեղական համայնքային կեանքին եւ հեռու են հայկական համայնքներէն:
Մեզի անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր համայնքի մէջ հարթակ մը՝ անկախ գոյութիւն ունեցող կուսակցական կառոյցներէն: Հարթակը պէտք է ըլլայ պատշաճ նիւթական աղբիւրներով, կառավարուած վստահելի եւ կարող հոգաբարձութեամբ մը, ուր նուիրատուները իրենց խօսքը ունենան:
DiasporArm-ը կը գործակցի արդէն իսկ գործող կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է՝ Ռուսիոյ AA-ը եւ Ֆրանսայի CFA-ն եւ MA-ն: Բացի այդ՝ DiasporArm-ը կը քաջալերէ համախմբող կառոյցներու հիմնումը:
Ձգտումը մեծ եւ հիմնարար է: DiasporArm-ը կը հաւաքագրէ իւրաքանչիւր համայնքի ուսանողները՝ Սիտնիէն Լոս Անճելըս, «միսիոնարներ», որոնք առաջին հերթին կը ներգրաւեն ուսանողները, այնուհետեւ կը բացայայտեն իւրաքանչիւր համայնքի ազդեցիկ մասնագէտները:
Ձգտումը մեծ եւ հիմնարար է: Շնորհակալ կ՛ըլլանք ձեր աջակցութեան:
Բաժանորդագրուէ՛ ՀՈՒՑ-ին՝ https://diasporarm.org/contact-us/ հասցէին միջոցաւ։
Լէ Ռէյնսի, Ֆրանսա
29 Մարտ 2022