
Կիրակի, 27 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս․ Տօնոյեան Ս. պատարագ մատոյց Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա անուանակոչութեան առիթով խօսեցաւ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած քառասուն զինուորներուն մասին եւ փոխանցեց աւուր պատշաճի պատգամ ու կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ․ Պետուրեան, նախկին հովիւ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ ու դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան անդամ Արա Շապանեան, բարերարներ, համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին ընդմէջէն թելադրեց հեռու մնալ խաւարէն, մեղքի ու մոլութեանց կեանքէն եւ խորհուրդ տուաւ անընդհատ լեցուիլ Յիսուս Քրիստոսի անհուն սիրով եւ ամէն օր փորձ կատարել՝ անհատական թէ շրջապատի կեանքին մէջ լոյս մը վառելու, բոլորին հետ սիրով վերաբերելու, այլեւ «ափ-ափ սէր բաշխելու եւ բարի գործեր կատարելու, որպէսզի Քրիստոս իշխէ մեր բոլորին հոգիին ու կեանքին մէջ»:
Յաւարտ Ս. պատարագի, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը, ուր մասնակից դարձան սիրոյ սեղանի մը, ապա միատեղ ճաշակեցին մատաղէն, անկէ նաեւ բաժին հանելով իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: