ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Միացեալ Նահանգները ողջունեց 6 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան «Թուիթըր»ի գրառման մէջ:
«Կոչ կ՛ուղղենք՝ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին եւ կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը բոլոր հարցերու դիւանագիտական լուծման», կ՛ըսուի գրառման մէջ։