ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը սերտէ Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու կարելիութիւնը, կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ»ը` յղում կատարելով անանուն աղբիւրներու:
Ըստ լրատուամիջոցին՝ քննարկումները պիտի ներառեն երեք կարեւոր նիւթեր` սուրիական պետութեան միասնականութեան պահպանում, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում եւ գաղթականներու ապահով վերադարձի ապահովում:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Սուրիոյ միասնութիւնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի երկրին եւ Քրտական ինքնավար մարզին մէջ Քրտական բանուորական կուսակցութեան գործունէութեան համար:
«Այս հոլովոյթը կրնայ յանգեցնել Թուրքիա բնակող սուրիացի գաղթականներու առնուազն կէսին իր հայրենիք վերադարձին», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»ը` յղում կատարելով աղբիւրներէն մէկուն:
Աղբիւրները կը նշեն, որ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերը կը ձգձգուին Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ: «Սակայն որովհետեւ Ռուսիա զբաղած է Ուքրանիոյ պատերազմով եւ անոր համաշխարհային արձագանգով, յարաբերութիւններու բարելաւման կարելիութիւն ստեղծուած է», կը յայտնեն անոնք:
Անգարա կը կարծէ, որ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան պէտք է հանդէս գայ նոր նախաձեռնութիւններով եւ նոր աջակցութիւն ստանայ, եւ որ անոր համար տարբեր միջոցներ կը փնտռէ:
Նոյն աղբիւրներուն կը յայտնեն, որ Թուրքիա կրնայ այդ հոլովոյթը օգտագործել իր օգտին` նկատի ունենալով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ իր յարաբերութիւններուն բարելաւումը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան հետ Ասատի հանդիպումները ազդարարեցին արաբ դրացիներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններու հաւանական ջերմացումը: Միացեալ Նահանգներ քննադատած էր Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը` յայտարարելով, որ իրենք «խորապէս հիասթափուած են»: