
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ․- Կիրակի, 3 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «մուտն ի վիրապ» տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. պատարագ մատոյց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ս․ պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ:
Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան, կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:
Եկեղեցւոյ մէջ կը տիրէր տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ: Ներկաները ողջունելէ ետք, առաջնորդ սրբազանը խօսեցաւ հոգեպարար պատգամ մը, որուն ընդմէջէն ան վեր առաւ Յիսուս Քրիստոսի անսպառ, անհատնում, անմար եւ ճշմարիտ լոյսը ըլլալու իրողութիւնը եւ հրաւիրեց ժողովուրդը Քրիստոսի լուսաւոր ճամբէն քալելու, այլեւ մեղքէն ու մեղքի որոգայթներէն հեռու մնալով՝ աստուածահաճոյ կեանք վարելու:
Աւարտին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց տեղւոյն համայնքը եւ մաղթեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեամբ, աստուածային սէրը ամբողջական ներկայութիւն դառնայ համայնքի կեանքին մէջ, եւ մարդիկ իրարու հետ վարուին փոխադարձ սիրով, յարգանքով եւ եղբայրսիրութեամբ:
