ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի հանդիպում ունեցաւ 2020ին եւ 2021ին գերի բռնուած հայ զինուորներու հարազատներուն հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը` նշելով, որ հանդիպումին ներկայ էին թէ՛ անյայտ կորսուածներու, թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած զինուորներու հարազատներ:
Դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ քննարկման առանցքները մարդկային իրաւունքներու հարցերն էին, որոնց շարքին` զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան 8րդ կէտը` պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման մասին, ինչպէս նաեւ Ժընեւի հռչակագիրը:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները եւ, նկատի ունենալով անոնց գտնուելու վայրին ու ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ չունեցող ընտանիքներու ցաւը, մեծցնելու անյայտ կորսուած զինուորներու մասին (ներառեալ 1990ականներէն) տեղեկութիւններ ձեռք բերելու ջանքերը», կ՛ըսուի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:
Since “END OF ARZAKH WAR”, still big number prisoners, several
ILLEGALLY in prison, some abused, Azerbaijan is USING FOR
POLITICAL BLACKMAIL ASKING, FOR FEW RELEASE, NEW LAND
CAPITULATION, IGNORED BY THE GROUP OF 3, MILDLY, WITHOUT
STRONG WARNING TO RELEASE THEM FINALLY. This war captivity
PSYCHOLOGY WAR GAME, NOT USED BEFORE, MUST STOP
IMMEDIATELY it is the DUTY OF 3, NOT UNITED YET, TO SOLVE ;
BUT COULD BRING IN FRONT OF UN SECURITY COUNCIL BY FRANCE
AND USA, KNOWING VERY WELL >>POLITICALLY SQUEEZED BETWEEN
3 ALLIES, RUSSIA, TURKEY & AZERBAIJAN, AGGRESSORS OF TINY
ARMENIA PLUS 3 COUNTRY PAID FIGHTERS, WITH 1 TO 100 PROPORTION,
RARELY SEEN IN WORLD HISTORY<< !!!. SHAME TO UN SECURITY
COUNCIL PRESTIGE, STAYING IDLE, FOR THIS HORRIBLE INVASION !!!!.