ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ»․- Եւրոպական շարք մը երկիրներ Երեքշաբթի օր յայտարարեցին, թէ կ՛արտաքսեն բազմաթիւ ռուս դիւանագէտներ: Գերմանիա արտաքսեց 40 ռուս դիւանագէտներ, Իտալիա` 30, Դանիա` 15, Սպանիա` 25:
Նախապէս նոյնպիսի որոշում տուած էր նաեւ Ֆրանսա, իսկ Լաթվիա եւ Լիթուանիա արտաքսեցին Ռուսիոյ դեսպանները: Լաթվիա նաեւ Մոսկուայէն իր դեսպանին՝ տուն կանչուիլը յայտարարեց:
Ռուսիոյ դիւանագէտներու արտաքսումը տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմի լոյսին տակ` մասնաւորաբար իբրեւ պատասխան Պուչայի մէջ քաղաքացիներու սպանութեան, զոր արեւմտեան երկիրները ռուսական ուժերուն կողմէ իրականացուած «պատերազմական ոճիր» կ՛որակեն:
Մոսկուան կը հերքէ այդ մեղադրանքը` պնդելով, որ Պուչայէն ստացուող դիակներու լուսանկարներն ու տեսանիւթերը ուքրանական իշխանութիւններուն կողմէ «բեմադրուած տեսարաններ են»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Չորեքշաբթի օր դատապարտեց դիւանագէտներուն արտաքսումը, զայն Մոսկուայի վրայ «քաղաքական յարձակում» որակելով։