
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը։
Լաւրով յայտնեց, որ առանցքային դաշնակիցի դիրքերէն Ռուսիա պիտի շարունակէ օգնել Հայաստանին պաշտպանունակութեան ամրապնդման եւ սահմաններու պահպանութեան: Ան շեշտեց, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ ապահովել ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ ըստ իր յանձնառութեան, նաեւ՝ Ղարաբաղի վերաբերող Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութիւնը։ Նախարարը հաստատեց, որ Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ անոնց միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն։
Նախարար Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա առանցքային դեր խաղցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մէջ: «Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղում ՌԴ խաղաղապահ ուժերի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ովքեր ապահովում են Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը, կը նպաստի Լեռնային Ղարաբաղում կրակի դադարեցման դրութեան պահպանմանը եւ սադրանքներ թոյլ չտալուն, բնական կեանքի վերականգմանը եւ կայունութեանն եւ անվտանգութեանը մեր տարածաշրջանում», յայտնեց ան։
Միրզոյեան գնահատեց Ռուսիոյ միջնորդական դերը նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակ ունի:
«Ակնյայտ է, որ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգը ինչպէս միշտ յագեցած է, եւ կան շատ հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուեն, պատշաճ կերպով պէտք է քննարկել նաեւ սպասուելիք բարձր մակարդակի հանդիպումը», յայտնեց ան։
Միւս կողմէ Լաւրով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան պատրաստ չեն շարունակելու կապերը Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափով, առ այդ, ըստ անոր, ինք պատկերացում չունի, թէ ԵԱՀԿի համանախագահութեան գործունէութեան եւ ապագայի ճակատագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերները չեղարկած են նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափը` յայտարարելով, որ պատրաստ չեն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւն ունենալու։ «Ասիկա իրենց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերել Ղարաբաղի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի հարցերու կարգաւորման շահերը: Եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերել այս պարագային հայկական կողմի շահերը, ապա այդ մէկը իրենց ընտրութիւնն է», ըսաւ Լաւրով։
«Կը կարծեմ, թէ այդ մօտեցումը բացարձակ անպատասխանատու է: Անոնք մեզ դուրս պիտի չմղեն ընդհանուր գիծէն: Մենք հաւատարիմ ենք, ինչպէս միշտ եղած ենք հաւատարիմ, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ աջակցելու, որպէսզի գործադրուին այն բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմանի ձեւաչափով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ: Այս ընտրութիւնը մերը չէ: Ու եթէ Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները որոշած են այդպէս վարուիլ, ապա Աստուած անոնց դատաւորն է», նշեց Լաւրով։
Այս ծիրին մէջ Միրզոյեան յայտնեց, որ ընթացիկ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը զգալի կերպով բարդացուցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքը, «բայց ինձ ազդակներ են հասնում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներից եւ բազմաթիւ այլ երկրների առաջնորդներից, ու ցանկանում եմ հաստատել, որ չնայած Ադրբեջանի գործընկերները յայտարարում են, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութիւնը դադարել է գոյութիւն ունենալ, որ նրանք այլեւս անելիք չունեն, որովհետեւ չկայ այլեւս հակամարտութիւն, չկայ Լեռնային Ղարաբաղ անունով շրջան, միջազգային հանրութիւնը շարունակում է տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան շրջանակներում, ինչը շատ յուսադրող է», ընդգծեց Միրզոյեան։
Ան նաեւ քննարկեցին պաշտպանութեան, ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակը
Ըստ անոր՝ Լաւրովի հետ հանդիպման ինք ներկայացուց հայկական կողմին դիրքորոշումը Ատրպէյճանի հետ խաղաղ պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ: