
ՆԻԿՈՍԻԱ․- Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը, գործակցութեամբ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակին՝ նախաձեռնած է «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ի պատրաստութեան, որ պիտի ընդգրկէ 1924ին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած հաստատութեան 79ամեայ կրթական, մարզական, արի-արենուշական, արհեստից վարժարանի, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան պատմութիւնը:
Այս ազնիւ եւ վսեմ նպատակին համար կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը շաբաթներէ ի վեր լծուած է արժէքաւոր նիւթերու եւ կարեւորագոյն պատկերներու ընտրութեան աշխատանքին՝ հաստատութեան տեղւոյն պատասխանատու մարմինին կողմէ տրամադրուած պահոցներուն մէջ:
«Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ը առաւելագոյնս ամբողջական դարձնելու նպատակով՝ կը դիմենք աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թանգարաններուն, հաստատութեան ազգանուէր գործունէութեան վերաբերեալ պատկերներ եւ վաւերական նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով, որուն համար նախապէս կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:
Ջերմապէս կը փափաքինք, մինչեւ 31 Մայիս, 2022 ստանալ ձեր տրամադրութեան տակ եղած արժէքաւոր լուսանկարները եւ բնագիր նիւթերը՝ պատկերահանուած բարձրորակ եղանակով (300 dpi resolution):
Վերոյիշեալ պատկերները եւ վաւերական նիւթերը բարի եղէք առաքել հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Representative Office
46E Ifigeneias street, 2007 – Strovolos
Tel: 22–454540
Email: office@armenianmp.com
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ՄԿ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ