ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը սառեցուց Ռուսիոյ անդամակցութիւնը ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին, դատապարտելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած այս նախաձեռնութիւնը հաւաքած է 93 քուէներ, մինչ 24 երկիրներ դէմ քուէարկած են եւ 58 ուրիշներ ձեռնպահ մնացած են:
Կը նշուի, որ խորհուրդին մէջ մասնակցութեան կասեցում հազուադէպ կը պատահի: Լիպիոյ մասնակցութիւնը դադրեցուած էր 2011ին` այդ երկրի այն օրերու ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ ցուցաբերուած բռնութիւններուն պատճառով: