Ծաղկազարդի խաղաղաբեր տօնին առիթով, որպէս հոգեւոր առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի, կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ իր խաղաղութիւնը հաստատէ աշխարհի վրայ եւ սէր ու միութիւն պարգեւէ հայոց:
Աւելի՛ն. հայ կեանքը յուզող բազմաշերտ եւ բազմամակարդակ տագնապները, զորս պաշտօնի բերումով գիտակցական յօժարութեամբ կը շալկենք, բայց եւ, այս բոլորին վրայ երբ կը բարդանան տակաւին շարունակուող գաղութային ներքին տագնապներ, մեր հոգին կ՛ալեկոծի արդարօրէն եւ դառնօրէն: Առ այս, փոթորկոտ սրտով ու տխուր հոգւով խնդրագին կը պահանջենք մեր համայնքի ամենասիրելի զաւակներէն, որ տօնական այս խորհրդաւոր օրերուն, միայն «պայքարին» ՍԻՐՈՅ զէնքերով եւ իրենց հոգիներուն գերագոյն վահան դաւանին ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Միով բանիւ, թող որ մեր հնչեցուցած եղբայրսիրութեան այս «ահազանգ»ը զինաթափէ բոլորը, իսկ փոխադարձ հասկացողութիւնն ու յարգանքը գործեն զերթ աստուածային բանալի, որպէսզի մեր առաջ իսկապէ՛ս բացուի վարդահեղեղ արշալոյսը Ս. Զատկի:
Այս առիթով, կոչ կ՛ուղղենք մեր թեմի հոգեւորականաց դասուն, որ Ծաղկազարդի կիրակնօրեայ սրբազան արարողութեան ընթացքին, մեր գաղութի ուժերը ջլատող այս հարցը դնեն Տիրոջ սեղանին՝ աղաչելով Արարիչին, որ իր աստուածային ուժով խաղաղութիւն, սէր ու միութիւն շնորհէ մեր ազգի բոլոր-բոլո՜ր զաւակներուն անխտիր:
8 Ապրիլ 2022
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ