ԺԻՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Գիրքը կը մնայ ճեմարանականներուն միտքի ու երեւակայութեան թռիչքը խթանող հիմնական ազդակը։ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս գիրքերու հարուստ աշխարհը բացաւ ճեմարանականներուն եւ այցելուներուն դիմաց, երբ կազմակերպեց գիրքերու այս տարուան ցուցահանդէս-վաճառքը։
Տէր Զարեհ քհնյ․ Շաքարեանի, Ճեմարանի տնօրէնութեան, Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան անդամներուն եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեան, Երկուշաբթի, 4 Ապրիլի միջօրէին բացումը կատարուեցաւ «Զարգացում եւ Վերելք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահին մէջ։
Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք ոգեւորութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած գիրքերուն։
Գիրքերու կողքին ցուցադրուած էր մամուլի ճոխ հաւաքածոյ մը՝ Ճեմարանի եւ Շրջանաւարտից միութեան հրատարակութիւններու եւ արխիւներու, յատուկ ցուցափեղկի մէջ զետեղուած էր Սիմոն Վրացեանի մակագրութեամբ 1954ին Ճեմարանին նուիրուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորը, որ ինքնին մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ Ճեմարանի արխիւներուն մէջ։ Աւելի քան 10,000 գիրքեր ցուցադրող սրահը կ՛այցելեն գրական, գեղարուեստական, գիտական եւ արուեստի նուիրուած գիրքերով հետաքրքրուողներ։