Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակը, Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ռուսաստանեան ընկերութիւնը եւ «Արարատ» կրթամշակութային ընկերութիւնը Երկուշաբթի օր, միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:
Յայտարարութիւնը կ’ըսէ.-
«Ռուսաստանեան լայն հասարակայնութեան անունից դատապարտում ենք Պոլսում հայկական «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։
«Համարում ենք, որ այս սպանութիւնը հետեւանք է Թուրքիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու, թուրքական հասարակութիւնում հայատեացութիւն բորբոքելու, ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքները ոտնահարելու պետական քաղաքականութեան։
«Սպանութիւնը հանդիսացաւ Թուրքիայի քաղաքացի, հայ լրագրողի նկատմամբ նրա այլախոհութեան համար թուրքական պետութեան կողմից մնայուն քաղաքական հետապնդման շղթայի բարբարոսական աւարտը։
«Հրանդ Տինքի սպանութեան քաղաքական դրդապատճառը հերթական անգամ վկայում է, որ Թուրքիան դեռ պատրաստ չէ իր պատմութեան մութ էջերի վերանայմանը եւ քաղաքակիրթ պետութիւնների հանրութիւնում տեղ ունենալուն»։
ԲՈՂՈՔԻ ԵՐԹ
Յունուար 22ի ժամը 14ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող բողոքի երթ եւ ցոյց, որուն կը մասնակցէին հայկական եւ ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ստուար թիւ կը կազմէին երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամները։
Հարիւրաւորներ եկած էին իրենց վրդովմունքը յայտնելու Թուրքիոյ մէջ ազատ խօսքի նկատմամբ անհանդուրժողութեան եւ հայ խմբագրի քաղաքական սպանութեան դէմ։
Երթը սկսաւ Մոսկուայի «Եւրոպա» հրապարակէն եւ աւարտեցաւ Թուրքիոյ դեսպանութեան մօտ։
Ցուցարարները կը կրէին Հրանդ Տինքի մեծադիր լուսանկարները եւ «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք» գրութիւններով պաստառներ։ Ամբողջ երթի ընթացքին, մասնակիցները ի յիշատակ Հրանդ Տինքի, բռնած էին մոմեր։
Ցոյցի մասնակիցներուն մօտ ընդհանրական էր այն կարծիքը, որ եղեռնագործ Թուրքիան չէ փոխած իր էութիւնը եւ վերջին սպանութիւնը արդիւնք է թրքական պետութեան ստեղծած հակահայ մթնոլորտի։