
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 13 Ապրիլին հրաւիրեց աշխատանքային հրատապ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները, արտաքին գործոց նախարարը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը:
Երկրի ղեկավարը ըսաւ, որ հանդիպումը կը տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած պահանջով, որովհետեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 13 Ապրիլին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը հանրութեան մօտ լուրջ մտահոգութիւններու տուն տուած է։ «Մեր հանրութիւնը շատ յստակ պահանջներ է ներկայացնում, որոնց պէտք է ընդառաջ գնանք` կազմակերպելով շահագրգիռ ու բազմակողմանի քննարկումներ», յայտնեց նախագահը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արտաքին մարտահրաւէրներու վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Մինչ այդ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները նախագահ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին իրենց վրդովումը յայտնեցին Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութեան առնչութեամբ՝ պահանջելով, որ Արցախի իշխանութիւնը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ հանդէս գայ միասնական ու յստակ քաղաքական դիրքորոշումով։
Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ պարագայի պիտի չհրաժարաին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման պայքարի ճանապարհէն` խոստանալով կատարել հասարակական դաշտի ներկայացուցիչներուն պահանջը:
Նախքան այս հանդիպումները կատարած յայտարարութեան մը ընթացքին, Արցախի նախագահը անընդունելի նկատած էր Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկները: «Մենք հասկանում ենք, որ պէտք է ապրենք հարեւանութեամբ, բայց ենթակայութիւնը հնարաւոր չէ, դա անթոյլատրելի է: Տարբերակը, որով մենք պէտք է առաջնորդուենք` ստատուս քուոն (իրերու դրութիւնը) պահպանելն է, ինչպէս ռուսներն են ասում: Ռուս խաղաղապահ ուժերը շարունակելու են մնալ այստեղ անժամկէտ, քանի որ նրանք եկել են այստեղ որպէս Արցախում ապրող հայ բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւոր: Շարունակել ապրել այստեղ` ունենալով դէ ֆակտօ (իրողապէս) անկախութիւն, ձգտելով դէ իւրէ (իրաւական) յետագայ փոփոխութեան, դա կարող է լինել անկախութիւն, դա կարող է լինել Հայաստանի հետ միացում, որը քիչ հաւանական եմ համարում, բայց դա կարող է լինել նաեւ Ռուսաստանի հետ ինչ–որ յարաբերութիւններ ուղղակի ուղղահայեացի շրջանակներում», ըսաւ նախագահ Յարութիւնեան։