ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- «Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը՝ 1948ի ծնունդ, եւ աւելի մեծ տարեցներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ անոնց օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով։
Օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Ապրիլ եւ Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022ին, Բերիոյ Հայոց թեմի Նպաստից յանձնախումբին հետ գործակցաբար, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ «Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ռիատ Ճրճոյի։
Սրբազանը Բերիոյ Հայոց թեմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Aid to the Church in Need» կազմակերպութեան՝ մարդասիրական այս օժանդակութիւնը կատարելուն առիթով։
Մասիս եպիսկոպոսը տարեցներուն իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով՝ Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ առողջութիւն մաղթեց անոնց: