ՊՈՍԹԸՆ․- ՀՕՄի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղի 30րդ անդամարշաւը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Ապրիլ ին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ երԷցկին Օժիկ Լագիսեանի, ՀՕՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Թալին Տաղլեանի, ՀՕՄուհիներու եւ հիւրերու։
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարիա Եփրեմեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայերէնով։ Իսկ ատենադպրուհին Թալին Նիկտէլեան՝ անգլերէնով։
Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան արժեւորեց ՀՕՄը՝ իբրեւ մեծ կազմակերպութիւն, որ 112 տարիէ ի վեր կը հասնի կարիքաւորներուն։
Ապա Թալին Տաղլեան լուսանկարներով ցուցադրեց ՀՕՄի լայնածաւալ գործունէութիւնը՝ մաղթելով յարատեւ շարունակութիւն եւ յաջողութիւն։
Ան կոչ ուղեց երիտասարդներուն՝ անդամագրուելու ՀՕՄի շարքերուն։
Ճուլիէթ Միլեան փոխանցեց ընդհանուր գիտելիքներ թէյի մասին․ ներկաները վայելեցին ՀՕՄուհիներուն պատրաստած թէյասեղանի համեղ խմորեղէը եւ անուշեղէնը։
Յայտագիրի վերջին բաժնով տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի մրցոյթ մը:
ՀՕՄի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղը իրագործեց այս ծրագիրը ներկաներուն ծանօթացնելու համար ՀՕՄի բազմաբեղուն գործունէութիւնը, տաքուկ ընկերային մթնոլորտի մը ընթացքին, ցանկալով փափաքելով ունենալ նոր անդամներ։
ՀՕՄական