
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը յեղաշրջած է միջազգային օրակարգը։ Մէկ կողմէ մարդասիրական մեծ աղէտ մը կ՛ապրուի, իսկ միւս կողմէ միջազգային օրակարգի հրատապ բոլոր հարցերուն դրուածքը կը փոխուի՝ ներառեալ Արցախի։
Հարցը այնպիսի գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու հասած է, որ Ուքրանիոյ Ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով վերջերս յայտարարեց, որ Արցախի մէջ յաւելեալ ճակատի մը բացուիլը պիտի նպաստէ Ռուսիոյ դէմ իր երկրի մղած պայքարին։
Eurasianet առցանց թերթին մէջ լոյս տեսած է այդ լրասփիւռին՝ Թուրքիոյ եւ Կովկասի հարցերու գծով պատասխանատու խմբագիր Ճոշուա Քուչերայի ստորագրութեամբ շահեկան գրութիւն մը, որ յաջող համադրում մը կը հանդիսանայ։
Ստորեւ՝ անկէ բաժիններ․
«Մարտի սկիզբէն, Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն անմիջապէս ետք, Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտման մասին հաղորդումները թափ ստացան։ Միաժամանակ Պաքու քարոզչական արշաւ սկսաւ՝ ուղղուած Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու վարկաբեկման։ Ղարաբաղը մատակարարող կարեւոր կազատարը նոյնպէս վնասուեցաւ ատրպէյճանցիներուն կողմէ:
«Ասիկա լարումի ամէնէն կտրուկ աճն է վերջին շրջանին։ Եւ երկու կողմերն ալ զայն կը կապեն Ուքրանիոյ պատերազմին։
«Հայերը կը պնդեն, որ ատրպէյճանցիները կ՛օգտուին աշխարհի եւ ռուսական ուժերու ուշադրութեան շեղումէն: 2020ի պատերազմին Ատրպէյճան վերատիրացաւ 1990ականներուն երկու կողմերուն միջեւ առաջին պատերազմին կորսնցուցած հողերու մեծ մասին։ Բայց անիկա կը փորձէ մնացեալ հատուածին եւս տիրանալ, որ այժմ կը հսկուի 2000 հոգինոց ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէ:
«Օգտուելով ներկայ իրավիճակէն, կտրուկ կերպով աւելցան Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի գրգռութիւնները եւ սպառնալիքները», յայտարարեց ինքնահռչակ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան (Արցախը՝ Ղարաբաղի հայերէնն է):
«Իսկ Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Տիգրան Աբրահամեան ըսաւ. «Այսօր կատարուող քայլերը նպատակ ունին վարկաբեկելու նաեւ Ռուսիան Արցախի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ»:
«Պաքուէն ստացուող պատգամները երբեմն իրարմէ տարբերելով հանդերձ՝ կը միանան մէկ կէտի շուրջ. անոնք բոլորն ալ կը միտին շեշտել ռուս խաղաղապահներու անատակութիւնը:
«Իշխանամէտ «Report.az»ը կ՛ընդգծէ հրադադարի վերջին խախտումները, որոնց համար կը մեղադրուի հայկական կողմը։ «Հրադադարի պահպանման պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կ՛իյնայ ռուս խաղաղապահներուն վրայ։ Այդ կը նշանակէ, որ կա՛մ խաղաղապահները չեն կրնար կառավարել իրենց վստահուած առաքելութիւնը, կա՛մ ուղղակի թոյլ կու տան, որ հայերը կրակեն», կը գրէ թերթը։
Նոյն օրը հրապարակուած այլ յօդուածի մը մէջ, որ լոյս տեսած է «caliber.az» ռազմական լրատուական կայքին վրայ, կը պնդուի, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը ներգրաւուած եղած է Ղարաբաղի շարք մը կաշառակեր գործարքներու մէջ։
«Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Ղարաբաղի մէջ լարումի աստիճանը կը բարձրանայ… բայց ո՞վ կամ ի՞նչն է, որ Ղարաբաղի աւազակներուն կու տայ նման յանդգնութիւն», հարց կը տրուի յօդուածին մէջ, որուն իբրեւ պատասխան կը նշուի. «Հիմնական դէմքը, որուն կ՛ապաւինին աւազակները, խաղաղապահներու ներկայի հրամանատար զօրավար Անտրէյ Վոլքովն է»։
Ռուս խաղաղապահներու հասցէին հնչող քննադատութիւններու այլ գիծ մը է այն, որ անոնք սպառնալիք են Ատրպէյճանի համար։
Ինչպէս միշտ, քարոզչական այս աշխատանքը կը կատարուի իշխանամէտ լրատու միջոցներու կամ գործիչներու կողմէ, մինչ պետական դէմքերը կը լռեն: Հետաքրքրական բացառութիւնը պաշտպանութեան նախարարութեան բողոքն էր ռուս զինուորական պատասխանատուի մը մեկնաբանութեան առթիւ, որ այլ պայմաններու տակ հաւանաբար աննկատ պիտի անցնէր: Արդարեւ, Ուքրանիոյ ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան մասին կարճ զրոյցի մը ընթացքին ռուս զինուորականներէն մէկը հակիրճ կերպով յիշատակեց «Լեռնային Ղարաբաղի» կազմակերպած օգնութեան առաքումը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բողոքը կը վերաբերէր տեղանունին։
Մինչ այդ, Ղարաբաղի հայերը կը յայտնեն, որ այնտեղի գիւղերը կը շարունակեն ենթարկուիլ ատրպէյճանական յարձակումներու, ներառեալ՝ ծանր զինատեսակներով: Անոնք նաեւ կը յայտնեն, որ ատրպէյճանական բանակը բարձրախօսներով իրենց կ՛ազդարարէ իրենց՝ հեռանալ բնակավայրերէն: