
Այս տարի, Աւագ Շաբաթուան եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնի հոգենորոգ արարողութիւնները մեծ շուքով նշուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին մէջ՝ նախագահութեամբ եւ գլխաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Աւագ Շաբաթ՝ 16 Ապրիլին, Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ, Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեանի կողմէ: Ս. պատարագէն առաջ, եկեղեցւոյ սարկաւագները ընթերցեցին «Դանիէլի մարգարէութեան» ընթերցուածը: Այնուհետեւ յաւարտ Ս. պատարագի՝ «Այսօր Յարեաւ» շարականի երգեցողութենէն ետք, Ճրագալոյցի խորհրդանիշ կանթեղով օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ եւ Սուրբ Յարութեան աւետիսը փոխանցուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Կիրակի, 17 Ապրիլին, Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ, Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ պատարագը մատուցանեց թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ փոխանցեց իր հայրական պատգամը
Ապա սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ Արեւմտեան թեմի ամբողջ հաւատացեալներուն: Սուրբ պատարագի վերջաւորութեան, հաւատացեալներու բազմութիւնը, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ՝ առաջնորդուեցաւ «Թրբանճեան» հրապարակը, ուր Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով կազմակերպուած էին բազմազան խաղեր, ներկայացումներ, երգ, պար եւ խնճոյք՝ թէ՛ մանուկներու եւ թէ բոլոր ներկաներուն համար:
Ի տես Զատկական բացառիկ կազմակերպուածութեան՝ առաջնորդ հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւը՝ անոր նախանձախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Մայր տաճարի ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմինները՝ մասնաւորապէս սարկաւագաց դասը:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ առանցքային տօնն է, որուն խորհուրդով ներշնչուած՝ պիտի կատարենք Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:
Աւագ Շաբաթուան եւ Սուրբ Յարութեան խորախորհուդ այս բոլոր արարողութիւնները մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցան նաեւ Արեւմտեան թեմի բոլոր ծուխերուն մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ