ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանցիները Սեպտեմբեր 30ին նորէն պիտի ունկնդրեն Շարլ Ազնաւուրը, սակայն այս անգամ ոչ թէ համերգասրահէն, այլ՝ Հանրապետութեան հրապարակէն:
Ազնաւուր Ֆրանսայէն ժամանած միւս արուեստագէտներուն հետ ելոյթ պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան բացման նուիրուած արարողութեան ժամանակ, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներ Ժաք Շիրաք եւ Ռոպերթ Քոչարեան: