
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլին, հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ Մենհեթընի ծանօթ «Քարնըկի» սրահին մէջ, ի յիշատակ Վարդան Գրիգորեանի ձեռնարկին։
«Քարնըկի» հաստատութեան նախագահն էր Վարդան Գրիգորեան, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ տարի, 87 տարեկանին։
Յայտագիրը տեւեց երեք ժամ։ Բազմաթիւ անձնաւորութիւններ խօսք առին: Բեմահարթակ բարձրացող հրաւիրեալներու կողքին, նաեւ շատեր տեսերիզով ուղարկած էին իրենց յարգանքի խօսքերը։ Բացման խօսքը կատարեց «Քարնըկի» հիմնարկի ներկայ ղեկավար Քլայվ Ճիլինսըն։
Ապա պատգամ փոխանցեցին յաջորդաբար Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Դանիէլ եպս․ Ֆընտըքեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ առաջնորդական փոխանորդ Սահակ Ծ․ վրդ․ Եմիշեան։


Մերթ ընդ մերթ կը ցուցադրուէին Վարդան Գրիգորեանի նկարները, մանկութենէն մինչեւ վերջին օրերը։ Թաւրիզի իր ընտանեկան պարագաներու կողքին, յիշատակելի էին Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի այդ օրերու պատասխանատու տնօրէն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նախագահ Սիմոն Վրացեանի եւ Գրիգորեանի յիշատակելի դաստիարակ Անթուան Քէհէեանի լուսանկարները։ Իսկ Նոր Աշխարհին մէջ, շարքը երկար էր ծանօթ դէմքերու, սկսելով Ռոնըլտ Ռէկընէն, տէր եւ տիկին Պիլ եւ Հիլըրի Քլինթընէն մինչեւ դերասան Ճորճ Քլունի։
Վերջին խօսք առնողներէն էր Գրիգորեանի անդրանիկ որդին՝ Րաֆֆին, երկար եւ մանրամասնութիւններ նշելով պատմեց իր հօր մասին։
Նուպար Աֆէեան խօսեցաւ Վարդան Գրիգորեանի հետ ստեղծած «Օրորա» ծրագիրին մասին, որ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուի, մրցանքներ շնորհելով բարեսիրական աշխատանքներու համար գործող անձնաւորութիւններու։
Գեղարուեստական յայտագիրն ալ հարուստ էր։ Տեսաներիզով կարելի եղաւ ըմբոշխնել այս առթիւ յատուկ պատրաստուած թաւջութակահար Եօ Եօ Մայի Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ Պախի երկրորդ հատանուագի «Սարապանտ»ը։ Իսկ օփերայի հանրածանօթ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեան, ընկերակցութեամբ տուտուկահար Մհեր Մնացականեանի՝ կատարեց Կոմիտասի «Տէր Ողորմեայ»ն։
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երգչախումբէն հնգեակ մը՝ Անահիտ Զաքարեան, Յասմիկ Ասատրեան, Յասմիկ Մէյխանաճեան, Ծովինար Աղաւեան եւ Ալվարդ Մայիլեան, ղեկավարութեամբ Խորէն Մէյխանաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Արա Տինքճեանի իբրեւ նախերգանք երգեց «Հայր Մեր»ը եւ «Սուրբ, Սուրբ»ը, իսկ աւարտին «Ի Վերին Երուսաղէմ»ը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։