
ՏՈՔԹ. ՊԵՐՃ ԳԱԼԱՄՔԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 14 Նոյեմբեր 1943ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ տոքթ. Պերճ Գալամքարեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Ֆրեզնոյի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 30 Ապրիլ 2022ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, 3767 N. First st., Fresno CA 93726, ապա թաղումը՝ Ֆրեզնոյի «Մասիս-Արարատ» գերեզմանատան մէջ, (Masis-Ararat Armenian Cemetery, 250 N Hughes Ave Fresno, CA):
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Նելլի Գալամքարեան
Զաւակը՝ տոքթ. Նարեկ եւ Հուրի Գալամքարեան եւ զաւակները՝ Վրէժ եւ Մեղրի
Զաւակը՝ տոքթ. Արման եւ Քէյլա Գալամքարեան եւ զաւակները՝ Արամ եւ Աւօ
Զաւակը՝ Վիգէն Գալամքարեան
Քոյրը՝ Հերմինէ Սահակեան
Քրոջ դուստրը՝ Նայիրի եւ Ակո Տէրմէնճեան եւ զաւակները՝ Նայա եւ Էլսա
Եղբայրը՝ Յարութիւն եւ Մարիա Գալամքարեան
Եղբօր զաւակները՝ Սեւակ եւ Կարինէ Գալամքարեան եւ զաւակները
Րաֆֆի եւ Թալին Գալամքարեան եւ զաւակները
Սերօ Գալամքարեան
Քոյրը՝ Ծովինար Աթիյյէ (Լիբանան)
Քրոջ զաւակները՝ դատաւոր Ժորժ Աթիյյէ եւ ընտանիք
Ժոզէֆ Աթիյյէ
Էլիաս Աթիյյէ եւ ընտանիք
Ժան-փօլ Աթիյյէ եւ ընտանիք (Ապու Տապի)
Աներորդիները՝ Համօ եւ Սեդա Միհրանեան
Խաչիկ եւ Մակի Միհրանեան եւ զաւակները
Տոքթ. Անի եւ Ալին Միհրանեան
Քենին՝ Նայրա Միհրանեան եւ զաւակները՝ Սիմոն եւ Ռուբէն
Եւ համայն Գալամքարեան, Միհրանեան եւ Սանթիկեան ընտանիքները, հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀԲԸՄի Լիբանանի Կարօտեալներու ֆոնտին (AGBU Lebanon Humanitarian Relief Fund, 55 East 59th Street New York, NY 10022):