ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ կը ունէր «Զարթնի՛ր լաօ» կարգախօսը:
Հանրապետութեան հրապարակը բազմամարդ էր: Ջահակիրները կ՛երգէին երթին խորհրդանիշ «Զարթնիր լաօ» երգը: Երթին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան:
Այս առիթով, նախքան ջահերթը, խօսք առին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գոռ Սարգսեան:
Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ դաշնակցական երիտասարդներու հրաւէրով երթին նպատակն է՝ պաշտպանել հայութեան անժամանցելի իրաւունքները, տէր կանգնիլ մեր յիշողութեան, յարգել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ այլեւս երբեք նոր ցեղասպանութիւն թոյլ չտալ:

Գոռ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երբ Հայաստան կը գտնուի թրքացման, Արցախը՝ հայաթափման ճամբուն վրայ, մենք՝ իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, կ՛առաջարկենք պայքար, պայքար՝ յանուն մեր արժանապատուութեան, պայքար՝ յանուն ուժեղ պետութեան:
«Զարթնիր լաօ» կոչով ջահերով երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշակներ:
Ապա բազմահազար ժողովուրդը, ջահեր բարձրացուցած եւ ամբողջ ուղին լուսաւորող երիտասարդներուն առաջնորդութեամբ՝ ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր վերանորոգեց Հայ Դատին կառչած մնալու իր ուխտը: