
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանէն առաւել քան 300 ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Քելի Կոնեզի կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ առցանց սեմինարին, որուն նպատակն էր ուսուցիչներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման միջոցները եւ անհրաժեշտ նիւթերը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքէն Լորա Կապուտեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը նախակրթարանի աշակերտներուն ներկայացնելու լաւագոյն միջոցները՝ իբրեւ օրինակ ներկայացնելով մանուկներու յատուկ եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող իր հեղինակած՝ Under the Light of the Moon հատորը օգտագործելու կարելիութիւնները։
Իր կարգին, կրթական հարցերու բաժանմունքէն Լուսի Մարտիրոսեան ներկայացուց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկութեան մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները Ցեղասպանութեան նման բարդ նիւթի մը դասաւանդման համար լաւապէս օգտագործելու կարելիութիւնները։
Վերապրումի եւ դիմադրողականութեան մասին ներկայացումներ տուին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ժամանակաւոր գործադիր վարիչ Վերժինի Թուլումեան եւ կրթական հարցերու բաժանմունքի փոխատենապետ Սեդա Անթեքելեան, ուսուցիչներուն ծանօթացնելով յաջորդաբար Հայ Դատի «Ամերիկա՝ շնորհակալ ենք» նախաձեռնութեան եւ «Շօա» հիմնարկութեան հարուստ արխիւները օգտագործելու ձեւերը, ինչպէս նաեւ կրթական հարցերու բաժանմունքի համացանցային կայքը (https://ancawr-ed.org), որ նոյնպէս Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու համար հարուստ նիւթեր ունի։