Արեւմտեան թեմին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ, տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է հոգեւորականներու միօրեայ ժողովները, որոնց ընթացքին (տարին երեք կամ չորս անգամ) հոգեւորականներ կը դասախօսեն հաւատքի, եկեղեցական, ծիսական, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ:
Այս օգտաշատ աւանդութիւնը պահելով, Հինգշաբթի, 5 Մայիսին, առաջնորդարանին մէջ (Պըրպենք), Արեւմտեան թեմի բոլոր հոգեւորականներու ներկայութեամբ, տեղի պիտի ունենայ հոգեւորականներու միօրեայ յաջորդ ժողովը:
Նկատի ունենալով, որ 2022ը կը նշէ թեմի պաշտօնական հաստատման 95րդ տարեդարձը (1927), հաւատացեալներու քրիստոնէական կեանքը աւելի խթանելու եւ խորացնելու նպատակով, ժողովին պիտի ներկայացուին Սուրբ պատարագի խորհուրդին վերաբերող հինգ շահեկան նիւթեր.
1) «Սուրբ պատարագին աստուածաբանութիւնը եւ հոգեկանութիւնը» (Խորհուրդ եւ մատչելիութիւն. նիւթը կը ներկայացնէ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան),
2) «Ս. Պատարագը՝ իբրեւ «Խորին եւ Անհաս Խորհուրդ», ինչպէ՞ս մերձեցնել հաւատացեալներուն» (Հովուական մերձեցում. կը ներկայացնէ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան),
3) «Ս. Պատարագը մեր հաւատքին եւ դաւանութեան արտայայտութիւնն է եւ յայտարարութիւնը» (կը ներկայացնէ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան),
4) «Պատարագը եւ Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդին մերձեցումը» (Աստուածաբանական եւ մեկնողական մօտեցում. կը ներկայացնէ Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեան),
5) «Հայկական Սուրբ պատարագին պատմական ձեւաւորումը» (Ծագում, հեղինակներ, բարեկարգողներ. կը ներկայացնէ Տաթեւ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան):
Անկասկած, վերոնշեալները ուշագրաւ եւ յագեցնող նիւթեր են, որոնք կը ձգտին ո՛չ միայն հոգեւորականներուն ծանօթութիւնները հարստացնելու, այլեւ զանոնք յարմար առիթներով փոխանցելու եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն:
Հովուական տեսակէտէն, ներկայացուելիք բոլոր նիւթերը հաւատացեալները կ՛առաջնորդեն հաւատքով մօտենալու եւ ներկայութեամբ մասնակցելու Սուրբ պատարագի խորհուրդին, որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մեր քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ