
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ, 26 Ապրիլին պատահեցաւ ողբերգական արկած մը, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ընկերակցող ինքնաշարժներէն մէկը մահացու կերպով հարուածեց 29ամեայ յղի կին մը՝ Սոնա Մնացականեանը, որ տեղւոյն վրայ մահացաւ:
Սոնա Մնացականեան յայտնի բժիշկ Մնացական Մնացականեանի դուստրն է: Ան կ՛աշխատէր «Support Our Heroes-Armenia» կազմակերպութեան մէջ, որուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը «Խորը ցաւով տեղեկացանք մեր կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ, կազմակերպութեան կողմից Արցախում կառուցուող «Թեւեր» ՏՏ կենտրոնի ծրագրի ղեկավար Սոնա Մնացականեանի անժամանակ մահուան գոյժի մասին: Սոնան միշտ կը մնայ մեր սրտերում` որպէս բացառիկ հայրենասէր եւ բարձր մարդկային արժանիքներ ունեցող ընկեր: Ցաւակցում ենք Սոնայի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին, ընկերներին»:
Նշենք, որ Սոնան ծնած եւ մեծցած էր Արտաշատի Բերքանուշ գիւղին մէջ: Անցած տարի ամուսնացաւ եւ փոխադրուեցաւ Երեւան:
Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ, ըստ նախնական տուեալներուն, 26 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:05ի շուրջ, Երեւան քաղաքի վերոնշեալ փողոցներու խաչմերուկին վրայ Հայաստանի ոստիկանութեան «Ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան ուղեկցող սպայական վաշտի հրամանատարին վարած «Թոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժով արձանագրուած է արկած, որուն պատճառով մահացաւ Սոնա Մնացականեան։
28 Ապրիլին, վարչապետի աշխատակազմի փոխղեկավար Տարօն Չախոյեան յայտնեց, որ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ արկածի ենթարկուած Սոնա Մնացականեանի հօր հետ, ցաւակցութիւն եւ ափսոսանք յայտնեց` երաշխաւորելով, որ տեղի պիտի ունենայ դէպքի առարկայական քննութիւնը։
Արկածը պատճառած սպայական վաշտի հրամանատարը դէպքէն ետք հեռացած է՝ առանց կանգ առնելու կամ փորձելու օգնել կնկան եւ վերադարձած է միայն երկու ժամ ետք։ Ան ձերբակալուած է։
«Վրաերթի պահին վարչապետի աւտոմեքենան եղել է դէպքի վայրից մօտաւորապէս 100-150 մետր հեռաւորութեան վրայ, վրաերթը վարչապետի մեքենայի մէջից չի երեւացել», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է կառավարութեան ներկայացուցիչ Չախոյեան՝ աւելցնելով. «Վրաերթի վայրի մոտով անցնելիս նկատելով ընկած կնոջը` վարչապետը հրահանգել է Շտապ օգնութիւն կանչել եւ պարզել` ինչ է տեղի ունեցել: Շտապ օգնութիւնը ժամանել է րոպէներ անց: Այն մասին, որ տեղի է ունեցել վրաերթ` ՃՈ ուղեկցող գումարտակի աւտոմեքենայի կողմից, վարչապետը իրազեկուել է Ազգային ժողով հասնելուն պէս, որից յետոյ համապատասխան հրահանգներ է տուել առողջապահութեան նախարարին եւ իրաւապահներին»։
Ըստ Չախոյեանի՝ եթէ ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատողները կանգնէին օգնութիւն ցուցաբերելու, խճողումներ պիտի յառաջանային՝ խոչընդոտելով Շտապ օգնութեան մեքենայի մօտենալը: