ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած ուղիղ հեռաձայնային զրոյցը եւ անոնց որոշումը` կազմելու սահմանային հարցերու երկկողմ յանձնաժողով մը եւ բանակցութիւններու սկսելու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մը շուրջ: Լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ փոխանցեց Ֆրանսային արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել այդ գործընթացին:
Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան հարցերու Ֆրանսայի դեսպան Պրիս Ռոքֆէօյ յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Պաքու` 11-14 Ապրիլին Երեւան կատարած իր այցելութենէն ետք այդ բանակցութիւններու դիտարկումը շարունակելու նպատակով», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։