ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 44օրեայ պատերազմի զոհերու ծնողները բաւարարուած չեն այն որոշումէն, որմով դատախազութիւնը ցուցմունք տուաւ «Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»ին՝ զոհուած զինուորները տուժող ճանչնալու, իսկ անոնց հարազատները` տուժողի իրաւայաջորդ:
Խումբ մը ծնողներ նախ կը պահանջեն մեղադրեալ ներգրաւել վարչապետը, դատախազի ցուցմունքով այս հարցը պէտք է որոշէ պատերազմին վերաբերող շարք մը գործեր քննող «Հակակառուպցիոն կոմիտէ»ն:
Ծնողները այսօր դարձեալն դատախազութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած էին: «Անմիջապէս վարչապետին ձերբակալել ա պէտք: Կամ ճանապարհները փակել, խափանման միջոցը ստորագրութիւն երկրից չհեռանալու, որպէսզի չփախնի», յայտնեց ծնողներէն մէկը:
Ծնողներու պահանջին հիմքը վարչապետին յայտարարութիւնն է Փաշինեան շաբաթներ առաջ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ըսաւ. «Այո՛, պատերազմը հնարաւոր էր կանխել, արդիւնքում կը լինէր նոյն իրավիճակը, բայց` առանց զոհերի»:
Այս յայտարարութենէն ետք ծնողները վարչապետին դէմ յանցագործութեան հաղորդում ներկայացուցին: 26 Ապրիլին անոնք դարձեալ դատախազութեան առջեւ համախմբուեցան, իսկ անոնց հետ զրուցեց գլխաւոր դատախազը: «Եւ ահա այս հանդիպմանը հետեւեց դատախազութեան ցուցումը Հակակոռուպցիոն կոմիտէին: Քննիչը հինգ օր ժամանակ ունի որոշելու` արդեօք տուժո՞ղ է ճանաչում զոհուած զինուորներին եւ արդեօք վարչապետի՞ն մեղադրեալ է ներգրաւում», յայտնեց ծնողներէն մէկը:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան, որուն որդին եւս զոհուած է 44օրեայ պատերազմին, դիտել տուաւ, որ թէեւ գոհ չեն դատախազի որոշումէն, բայց անիկա աննախադէպ է իր բնոյթով. «Ի հարկէ մենք միամիտ չենք, մենք հասկանում ենք ստեղծուած իրավիճակը, մենք հասկանում ենք էն ահռելի ճնշումը, որ կառավարութեան շէնքից գործադրւում է նաեւ Գլխաւոր դատախազութեան վրայ, բայց ուզում եմ շեշտել, որ տեղի ունեցաւ աննախադէպ իրադարձութիւն` էս ամիսների ընթացքում առաջին անգամ ընթացք տրուեց այդպիսի դիմումի, եւ այսօր քննչական ծառայութիւնը պարտաւոր է որոշում կայացնել»:
Որդեկորոյս ծնողներուն հետ 27 Ապրիլին հանդիպեցան գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան եւ դատախազ Արմէն Մուրադեան: Անոնք բացատրեցին, որ քննիչը հնգօրեայ ժամկէտի ընթացքին պէտք է որոշում տայ: