Կիրակի, 10 Ապրիլին, պատմական օր մը հանդիսացաւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայ համայնքին համար, երբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ծաղկազարդի արարողութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան թափօրով ուղղուեցան ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի եւ ուղեկից միութիւններու գրասենեակներու հանդիպակաց շրջափակը, ուր նախաձեռնութեամբ «Ռոստոմ» կոմիտէի՝, առաջնորդ սրբազանը հիմնօրհնէքը կատարեց «ՀՅԴ «Ռոստոոմ» Կոմիտէի «Խաթուն Սարեան» շրջափակը ծածկելու ծրագիրին:
Նկատի ունենալով ծրագիրին գաղութային տարողութիւնը, հիմնօրհնէքին ներկայ էին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Ազգային վարչութիւնը, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչը, ուղեկից միութիւնները իրենց Շրջանային վարչութիւններով, Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական մարմինը եւ տնօրէնութիւնը, եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը, նաեւ ազգայիններ:
Արարողութենէն ետք գործադրուեցաւ հակիրճ պաշտօնական յայտագիր մը, որուն ընթաղքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Թորոս Զ․ Քէչէճեան։ Ան շեշտեց, թէ դաշնակցականի բարոյական գիտակցութեամբ եւ շրջանի հայութեան ամբողջական զօրակցութեամբ, «Ռոստոմ» կոմիտէն տասնամեակներէ ի վեր հաստատ քայլերով կը ծառայէ համայնքին եւ շրջափակը ծածկելու աշխատանքը անոր այդ նախաձեռնութիւններէն մէկն է։
«Նախաձեռնութիւնը այսքան արագ չէր կրնար ընդանալ, եթէ չըլլային մեր համայնքի զաւակներու անշահախնդիր, սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, եւ յա՛տկապէս մեր բոլորին սիրելի, մեր մէջ հասակ առած Մայք Սարեանի 100,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւնը», ըսաւ Քէչէճեան եւ իր խօսքը Մայք Սարեանին ուղղելով՝ աւելցուց․ «Պր. Սարեան, մեր համայնքին,եւ հայրենիքին հանդէպ ձեր ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական նուիրաբերումով դուք շահած էք մեր համայնքի յարգանքը եւ վստահութիւնը։ Նուիրական է յատկապէս այն գործը, որ կը ծնի որդիական հարազատ սիրոյ ապրումներէն։ Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ շրջանի բոլոր ընկերներուն՝ գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան մեր խօսքը կը փոխանցենք ձեզի, վստահ ըլլալով որ մեր յաղթական երթը հաստատ քայլերով պիտի շարունակուի, բոլորիս միասնական ուժերով»:
Ապա խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետը եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչները, իսկ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի հերթապահ Կարօ Քամարեան, խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր նուիրատու դոկտ. Մայք Սարեանին, «որուն 100 հազար տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ տարիներու երազ սոյն ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ, եւ իր իսկ փափաքով շրջափակը անուանուեցաւ իր մօր՝ Խաթուն Սարեանի, անունով»: Կարօ Քամարեան նաեւ նշեց, թէ դոկտ. Մայք Սարեանի առատաձեռն նուիրատուութեան կը միանայ կոմիտէին կազմակերպած «Ընտանեկան երեկոյ» ձեռնարկներուն հասոյթը եւ այս նպատակաւ կատարուած նուիրատուութիւնները, որոնց բոլոր նուիրատուներու անունները պիտի տեղադրուի նուիրատուներու յատուկ պատին վրայ:
«Ի վերջոյ, գաղութային ծրագիրները կը յաջողին բոլորիս մասնակցութեամբ եւ անվերապահ զօրակցութեամբ», ըսաւ Քամարեան:
Աւարտին, առաջնորդը գնահատեց շրջանի պատկան մարմիններու նախաձեռնութիւնը եւ ժրաջան աշխատանքը, որուն միակ նպատակն է Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան հաւաքական կեանքը հասցնել նոր բարձունքներու:
Աւելորդ չենք նկատէր յիշելու, որ ծրագիրը ամբողջանալէ ետք, մեր տրամադրութեան տակ պիտի ունենանք 2500 քառ. ոտք տարածութեամբ սրահ մը, որ գործածելի պիտի ըլլայ հայ համայնքին կողմէ, մանաւանդ նորահաս սերունդին, երիտասարդականի ու պատանեկանի անդամներուն համար ստեղծելով հանդիպման առողջ միջավայր մը:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ առիթը տրուեցաւ ներկաներուն զիրար շնորհաւորելու եւ պատմական լուսապատկերներ առնելու:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէէն)