
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին խոստացաւ «ռուսական անարդարանալի յարձակումին» դէմ դնող Ուքրանիոյ օժանդակել։ «Աւելի քան 30 երկիրներ Ուքրանիոյ` ընդդէմ Ռուսիոյ աջակցելու դաշինք կազմած ենք, եւ Ուքրանիոյ առաւել քան 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ սարքեր կը մատակարարենք: Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը մեր բոլորին ճակատամարտն է», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ հիւլէական պատերազմի վտանգը այժմ շատ իրական է: Ան նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ արեւմտեան երկիրները իրենց զօրքերը չեն ուղարկեր Ուքրանիա:
«Ոչ մէկ պարագայի պէտք է Համաշխարհային Գ. պատերազմ արտօնենք, ճիշդ այս ծիրին մէջ կը դիտարկուին Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պաշտպանելու համար ՆԱԹՕի զօրքեր Ուքրանիա մտցնելու պահանջները: Եւ բոլորը միշտ կ՛ըսեն, որ զէնք պիտի տան, ինչ որ, անշուշտ, նաեւ կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ: Անոնք այս զէնքի մատակարարումներով կ՛ուզեն ուքրանացիներուն ստիպել Ռուսիոյ հետ մինչեւ վերջին զինուորը կռուիլ, միայն թէ այս տագնապը երկարի, միայն թէ Ռուսիան անկէ աւելի շատ տուժէ», ըսաւ Լաւրով:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի, անդրադառնալով Լաւրովի խօսքերուն՝ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատճառ չի տեսներ, որ ուքրանական տագնապը վերածուի հիւլէականի: «Ես համաձայն եմ պարոն Լաւրովի հետ, որ հիւլէական պատերազմին մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ, եւ զայն պէտք չէ սկսիլ», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Լաւրովի հետ։
Փութին կը յուսայ, որ դիւանագիտական միջոցներով կարելի կ՛ըլլայ կասեցնել Ուքրանիոյ պատերազմը։
Փութին նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննեց Ուքրանիոյ տագնապը: