ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ին հրապարակուած ՄԱԿի տեղեկագիր մը բացայայտեց, թէ Հոկտեմբեր ամիսը 2003ի Մարտին սկսած Իրաքի պատերազմին ամենամահացու ամիսը եղած է իրաքցիներու համար, որովհետեւ այդ ընթացքին սպաննուած են առնուազն 3709 իրաքցի քաղաքայիններ:
ՄԱԿի համաձայն, քաղաքայինները մեծ մասամբ զոհ գացած են միջհամայնքային սպանութիւններու, որոնք սաստկացած են անցեալ Փետրուարին Սամարայի մէջ տեղի ունեցած մզկիթի մը վրայ յարձակումէն ետք:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր անյայտ զինեալներ սպաննեցին Իրաքի խորհրդարանի նախագահին թիկնապահներէն մէկը եւ վիրաւորեցին ուրիշ մը: Երեքշաբթի օր խորհրդարանի սիւննի նախագահին կառախումբին վրայ այլ յարձակում մը տեղի ունեցած էր, որու հետեւանքով ամերիկացի զինուոր մը վիրաւորուած էր:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած այլ յարձակումներու զոհ գացին առնուազն 14 այլ իրաքցիներ, ներառեալ լրագրող մը: Իրաքցի լրագրողին սպանութիւնը 92ի հասցուց Իրաքի ներխուժումէն ի վեր սպաննուած լրագրողներուն թիւը:
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ յառաջիկայ Նոյեմբեր 29-30ին Յորդանանի մէջ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ: