
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 27 Ապրիլ 2022ին, ատրպէյճանական իշխանամերձ լրատուական գործակալութիւնները «Հադրութի մէջ նշուեցաւ Զատիկը» վերնագիրով նիւթեր տարածեցին՝ հրապարակելով նաեւ Հադրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ նոր լուսանկարներ: Այս մասին հաղորդեց war.karabakhrecords.infօ կայքը:
Լուսանկարներուն ուսումնասիրութիւնը յստակ ցոյց կու տայ, որ եկեղեցւոյ գմբէթէն վերցուած է խաչը:
Այս բոլորը Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած քաղաքականութեան արդիւնք է. ասոր վկայութիւնը կը հանդիսանան նաեւ այդ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները:
Արդարեւ, ամիսներ առաջ, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քեարիմով յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ պիտի կազմուի «աշխատանքային խումբ», որուն նպատակը Արցախի բռնագրաւուած յուշարձաններէն հայերէն արձանագրութիւններու եւ հայկական հետքի վերացումն է:

Աւելի կանուխ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի այցելութեան ընթացքին յորդորեց ջնջել հայկական արձանագրութիւնները՝ չծածկելով հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան բուն էութիւնը՝ ոչնչացում, ձեւափոխում եւ իւրացում:
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին կառուցուած է 1621 թուականին՝ Մակար Բարխուդարեանցի կողմէ, աւելի ուշ՝ 1819ին վերանորոգուած է, այդ թուականին մէջ, որ տեղադրուած է եկեղեցոյ գմբէթը: («Լեռնային Ղարաբաղի պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները», Մկրտչեան Շ., 1987, Երեւան, էջ 3):
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած է 1999ին՝ Մ. Բաղդասարովի ֆինանսական օժանդակութեամբ: Պատերազմէն առաջ, Սուրբ Յարութիւնը գործող եկեղեցի էր, պատերազմին ընթացքին չէր վնասուած: Եկեղեցւոյ պղծումը հետեւողական կերպով կատարուած է պատերազմի աւարտէն ետք:
Its about time WHOLE NATION starts International protest for
NON STOP ARMENIAN CULTURE DESTRUCTION by AZERBAIJAN.
IF WE WANT TO EXIST AS NATION, WE SHOULD OPEN CASES FOR
HUGE 10,000 DESTROYED ROCK CROSS IN JULFA NAKHICHEVAN
CEMETERY AND RECENT ALL DESTROYED VALUABLE ANTIC,
BILLIONS $ *ACTUAL VALUE*,
INSCRIPTIONS AND BUILDINGS. GENOCIDE REMEMBRANCE IS NOT
ENOUGH AS SALVATION; TIME IS RIGHT TO ASK DAMAGE REPAIR IN
FRONT OF INTERNATIONAL COURT ASKING HUGE REPAIR AMOUNT,
EXACTLY, TO PREVENT 3 PARTY + ASSOCIATES, DESTRUCTION OF
ARMENIA, ACTUALLY SQUEEZED, BY 101 YEARS NON CONTESTED
“SACRIFICING ARMENIA BY LENIN” PROJECT NOT PROTESTING, TO
REACH TODAY’S END GAME. DIASPORA NATION HAS THE RIGHT
TO DO AS 80% FORCEFULLY EXILED MAJORITY; GUILTY IF DOES
NOT IN FRONT OF OUR HISTORY, AS FULLY ABLE TO DO NOW .
OPEN CASE AND ALL DESTRUCTION STOPS !!!!.