Կարելի՞ է արդեօք նորոգել Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Ի տես համաշխարհային մեր վարկին անկման պատճառած անդոհանքին, Իրաքի մէջ մեր մղած մահացու պատերազմին, ժողովրդավարացման մեր ջանքերուն (որոնք ցարդ մեզի անհաճոյ արդիւնքներ են տուած) կամ ահաբեկչութեան առաջքը առնելու մեր յաճախ ինքնակործան նկրտումներուն՝ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը այժմ պատրաստ է ընդունելու, թէ Միացեալ Նահանգները արտերկրի մէջ լուրջ խնդիրներու առջեւ կը գտնուի։
Մեր ներկայ ռազմավարական, տնտեսական, եւ բարոյական վարկին առնչուող դժուարութիւններուն պատճառաւ, մեր յաջորդ ըսելիքներուն մեծ մասը պիտի թուի ուղղուած ըլլալ Պուշի կառավարութեան։ Այսուհանդերձ, էական է տեսնել եւ ընդունիլ այս կառավարութեան պատճառած կառուցային երկփեղկումներու սաստկացման չափն ու աստիճանը. հերձումային ճեղքեր՝ որոնք արդէն իսկ յայտնի էին անոր երկրին ղեկը ստանձնելէն շատ առաջ։ Եթէ Միացեալ Նահանգները պիտի յաջողի ճիշդ ուղի վերադառնալ, ան պարտի ճանչնալ արտաքին քաղաքականութեան մշակման մէջ ի գործ դրուած սխալները եւ շտկել ա՛յն, ինչ որ նորոգելի է։
Արտաքին քաղաքականութիւնը «մասնագէտներու» ձգելու տեղ, մնացածներս պարտինք պահանջե՛լ, որ մեր կառավարութիւնը ստանձնէ իր դերը աշխարհի տարածքին՝ միաժամանակ նախանձախնդի՛ր մնալով իր քաղաքացիներուն ընկալած արժէքներուն եւ անոնց ներկայ ու հեռակայ շահերուն։
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԿՂԶԻԱՑՈՒՄ
Սկսելու համար: Ի՞նչն է որ խանգարուած է։ Առաջին հերթին, Միացեալ Նահանգները չունի այն զօրութիւնը, որ ունէր հինգ տարի առաջ, կամ այնքա՛ն զօրութիւն՝ որ Պուշի կառավարութեան մաս կազմող որոշ անձինք կը կարծեն, որ ունին։ Չափէ դուրս այդ զինուորական ու տնտեսական հզօրութիւնը, որ այս երկիրը ցուցաբերեց 1990ական թուականներուն մղեց շատերը կեղծ ապահովութեան զգացումի մը գիրկը: Մենք սկսանք հզօրութիւնը չափել քսաներորդ դարու հինացած հաշուեկշիռով մը (ըստ ամբողջական տեղական արտադրութեան, առեւտուրի նպաստաւոր բացերու եւ կամ անգերազանցելի զինուորական եւ արհեստագիտական գերակայութեան։ Պաղ պատերազմի կարծեցեալ յաղթանակին յիշողութիւնը եւս ամրապնդեց այս մօտեցումը), ա՛յն պատմութիւնը, թէ զգետնեցինք Խ. Միութիւնը մեր ծախսելու եւ զինուելու անգերազանցելի կարողութեամբ, եւ թէ մեր ազատութիւնները շահեցան գերեալ ժողովուրդներու համակրանքը։
Սակայն այն, ինչ որ կը տեսնենք այժմ (մինչ Պուշի կառավարութիւնը կը ջանայ Ամերիկայի կամքը պարտադրել աշխարհի չորս կողմը), հզօրութեան հինցած չափանիշներու ժամանակավրէպ ըլլալու իրողութիւնն է։ Այսօր, ուժի մասին մտածելու ժամանակ, լաւ պիտի ըլլար կեդրոնանալ ազդեցութեա՛ն գաղափարին վրայ։ Հո՛ս է, որ ա՛յլ ազդակներ կը մտնեն հաշուարկին մէջ։ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ելեւմտացոյցը կը գլէ կ’անցնի յաջորդ 30 պետութիւններու միացեալ ներդրումը այդ մարզէն ներս, եւ ԱՄՆի տնտեսութիւնը կը նսեմացնէ անոր ամենամօտիկ մրցորդները։ Սակայն մեր իսկական ազդեցութիւնը կարելի է չափել միա՛յն մեր ուզածը ձեռք բերելու կարողութեամբ։ Եւ յետ-9/11եան, կամ յետ-իրաքեան աշխարհին մէջ, պէտք է ընդունինք թէ այս ազդեցութիւնը կը բխի երկու փոփոխակներէ՝ որոնց ԱՄՆի քաղաքականութիւն մշակողները քիչ ուշադրութիւն դարձուցած են- օտարներու վստահութիւնը՝ թէ ԱՄՆը իր ուժը պիտի գործածէ օրէնքի սահմաններուն մէջ. եւ այլ ժողովուրդներու հաւատքը՝ թէ Միացեալ Նահանգները կարող է իրականացնել ա՛յն, ինչ որ կը մտադրէ։
Կար ժամանակ, անճրկած՝ Իրաքի պատերազմէն եւ Քաթրինա փոթորիկին յաջորդող խայտառակ հակազդեցութենէն առաջ, երբ ԱՄՆը ընդհանրապէս կը նկատուէր հարկ եղածը կատարելու կարող երկիր։ Ի՛նչ ալ ըլլար ոչ-ամերիկացիներու կարծիքը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան բարոյականին մասին, նո՛յնիսկ Վիեթնամի եւ Սոմալիայի պարտութենէն ու նսեմացուցիչ նահանջէն ետք, օտարները, առ հասարակ, կը շարունակէին հաւատալ, թէ ԱՄՆը իր նպատակադրումները կարո՛ղ էր իրականացնել։ Պուշի կառավարութիւնը ապականած է ԱՄՆի հզօրութեան դասական աղբիւրները՝ մեր բանակին ու Ազգային պահակագունդին կարողականութիւնը տարրալուծմա՛ն աստիճան քամելով, եւ դրամական առասպելական գումարներու փոխառութիւններով։
Սակայն Իրաքի մէջ ծրագրաւորման եւ իրագործման ձախողութիւնները ուրիշ ազդեցութիւն մըն ալ ունեցած են. մեր դիմագիծին տուած են սխալական եւ խոցելի երեւոյթ մը, տպաւորութիւն մը, որ ամրացած է ի տես փոթորիկին առթիւ մեր հարազատներու՛ն իսկ հասնելու մեր անկարողութեան։
Երկրորդ, Միացեալ Նահանգները, երբե՛ք այս աստիճանի առանձնացած չէ եղած։ Տրուած ըլլալով միջազգային անհամար մարտահրաւէրներու բազմազանութիւնը (ձախող պետութիւններէն մինչեւ հսկողութենէ զուրկ հիւլէական զինանիւթեր ու թռչնատապ), Միացեալ Նահանգները պէտք է կարողանայ աշխատիլ այլ երկիրներու հետ, կարենալ դիմագրաւելու համար հասարակաց վտանգները։ Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, «Ամերիկա ամէ՛ն բանէ առաջ» քարոզողները, ինչպէս Ճոզէֆ ՄքՔարթին ու Ճան Պրիքըրը, երբեմն յաջողած են ԱՄՆի ղեկավարութիւնը դուրս քաշել միջազգային կազմակերպութիւններէ եւ նոյնիսկ միջազգային դիւանագիտութենէ։ Ա՛յն, ինչ որ այսօրուան կղզիացման տարբեր նկարագիր կու տայ, քան անցեալ պարագաներուն (թէեւ անմիջական արդիւնքն է ամերիկեան քաղաքական որոշումներու), ան հեռու է գիտակից նախընտրանքի մը արդիւնքը ըլլալէ։ Խորհեցանք, թէ այնքա՛ն զօրաւոր ենք, որ կարող ենք առանձին հետապնդել մեր ռազմական ու տնտեսական նպատակները. այսուհանդերձ, երբ շուրջերնիս նայեցանք (վերջապէս պատրաստ բարձրացնելու ՄԱԿի դերակատարութիւնը Իրաքէն ներս, եւ կամ ապահովելու խաղաղարարներու գումարտակներ Տարֆուրի մէջ), նոյնիսկ մեր ամենամօտիկ դաշնակիցները հեռու մնացին մեզմէ։ Անոնք արդէն իսկ սկսեր էին վերանայիլ Ուաշինկթընի հետ շատ մօտիկ յարաբերութիւններու հաւանական շահերն ու վնասները։
1990ական թուականներուն, մինչ հանրապետական Քոնկրէսը ճիգ կ’ընէր դուրս մնալու միջազգային պարտաւորութիւններէ, մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող անհատին համար, որ կը ջանար Չինաստանի մէջ արգելափակուած տարախոհ անձի մը ազատութիւնը ապահովել, մէ՛կ մայրաքաղաք կար, որուն կարող էր դիմել.- Ուաշինկթը՛ն։ Եթէ առեւտրական գրանցումի մը կարիքը ունէիր, որպէսզի կարելի ըլլար հարկ եղած հակաժահրային դեղորայքը մատչելի դարձնել Սահարայական Ափրիկէի տարածքին Էյտզէ վարակուածներուն, եւ կամ, եթէ կը կամենայիր ի նպա՛ստ արտայատուիլ Ռուանտայի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ ՄԱԿի խաղաղարար զօրքեր տեղաւորելու՝ պէտք էր որ Ուաշինկթըն գայիր։ Եւ անշուշտ, եթէ կը հաւատայիր, թէ ՆԱԹՕի զինուորական միջամտութիւնը հարկաւոր էր Պալքաններուն մէջ ջարդերու առաջքը առնելու համար՝ անպայմանօրէ՛ն, անխուսափելիօրէ՛ն պիտի գայիր Ուաշինկթըն։ Ա՛յն, ինչ որ խիստ աչքառու է վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին՝ սրընթաց հալումաշն է ԱՄՆի օրինաւորութեան եւ յարատեւ տարածումն է անոր կարողականութեան հանդէպ արտայայտուած կասկածներուն. բոլոր հարցերու լուծումները մէ՛կ տեղ գտնելու օրերը արդէն անցած են։
Այսուհանդերձ, «գերհզօր պետութեան» տկարացումով ստեղծուած պարապը չներգրաւեց այլ հզօր ուժ մը՝ որ կարենար ստանձնել աշխարհի ճակատագիրը ճշդելու ծանր պարտաւորութիւնը։ ԱՄՆի ազդեցութեան տկարացումով, ո՞վ պիտի ձայն բարձրացնէ, կարենայ ի մի հաւաքել ուժերն ու միջոցները՝ ամուր հիմերու վրայ դնելու համար միջազգային համակեցութեան կարիքները։ Երբ Ռուսիան ու Չինաստանը իրենց գերիշխանական նկրտումները կը գերադասեն մարդկութեան բարեկեցութեան կարիքներէն, եւ դրամական ներդրումներ ընելու պատրաստ եւրոպական պետութիւններն ու այլ միջակ տարողութեամբ երկիրները հազուադէպօրէ՛ն զօրք կը տրամադրեն համաշխարհային սպառնալիքներ կանխելու պարտաւորութեան՝ նախատեսութիւնները լաւատես ըլլալէ շատ հեռու կը մնան։
Վերցնենք Տարֆուրի պարագան։ Միացեալ Նահանգները հոն տեղի ունեցած խժդժութիւնները բնութագրեց իբրեւ «ցեղասպանութիւն» եւ պնդեց միջազգային խաղաղարար ուժի մը ուղարկման վրայ, սակայն այս պահանջը խաղքութեան վերածուեցաւ ԱՄՆի հակառակորդներուն, եւ նոյն իսկ նախկին բարեկամներու կողմէ՝ որոնք այս պնդումին մէջ տեսնել ուզեցին ԱՄՆի նպատակը՝ արաբ երկիր մը եւս անուանարկել։ Համաշխարհային կարծիքի ոլորտէն ներս քիչերն են, որ կը հաւատան, թէ ԱՄՆը կ’ընէր այս առաջարկը ի տես Տարֆուրի բնակչութեան տառապալից ոչնչացման։ Այս մօտեցումը, անշուշտ, դիւրին պատճառաբանութիւն է երկիրներու համար, որոնք տնտեսական կամ ռազմավարական շահ մը չեն տեսներ Խարթումի դէմ դիրքաւորումի քաղաքականութեան մէջ. Տարֆուրի բնակչութիւնը եթէ պիտի փրկուի՝ ԱՄՆը պիտի ստիպուի ուժեր ապահովել ա՛յլ երկիրներէ՝ երբ, արդէն իսկ, համոզելու իր կարողութիւնը այն չէ, ինչ որ էր անցեալին։
ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԲԱՑԸ
Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան երրորդ նորոգման կարօտ մասը կը պատկանի համարատուութեան։ Տնտեսագիտութեան Նոպելեան մրցանակաւոր, Լամոնտ համալսարանի դասախօս Ամարտիա Սէն իրաւացիօրէն նշած է, թէ ազատ մամուլով օժտուած որեւէ երկիր դժուար թէ սովէ տառապի։ Ան ցոյց տուած է, թէ մարդկային ու քաղաքական իրաւունքները կարողականացնող իրաւունքներ են, որոնք կը թոյլատրեն քաղաքացիներուն արտայայտելու իրենց առարկութիւնները յանցաւոր կառավարութիւններու դէմ, եւ այս իրողութիւնը, իր կարգին, ընդհանրապէս կը համոզէ այդ կառավարութիւնները, որ նուազագո՛յն ճնշումներով միայն վարեն երկիրը։ Համարատուութիւնը եւս ունի նոյն, անփոխարինելի ազդեցութիւնը Ամերիկայի կառավարման ձեւին վրայ։
Համարատուութեան «բացը» Միացեալ Նահանգներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս գրութեան մէջ, որովհետեւ ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան վրայ փոխադարձ հակակշռի անհետացումը քանդիչ հետեւանքներ ունեցած է։
Բնականօրէն, հակակշռի առաջին գծի վրայ պիտի ըլլայ Քոնկրէսը։ Սակայն, երբ մէ՛կ կուսակցութիւն կը ղեկավարէ Սպիտակ տունը, Ծերակոյտը, եւ թէ Ներկայացուցիչներու տունը, այդ կուսակցութիւնը կ՚որոշէ, թէ երբեւիցէ պիտի ուզէ՞ հակակշռի ենթարկուիլ թէ ոչ։ Եւ երբ երկրին ապահովութիւնը սպառնալիքի տակ է, նախագահին կամքին ենթարկուելու պատրաստակամութիւնը կը բազմապատկուի, նուազեցնելով իսկական հակակշռի մը հաւանականութիւնը։ Փոքրամասնութիւնը ներկայացնող կուսակցութիւնը օրինական խիստ սահմանափակ միջոցներ միայն ունի կարենալ հակակշռելու եւ կանխարգիլելու համար մեծամասնական կուսակցութեան առանձնաշնորհումները։ Փոքրամասնութեան ծերակուտականները կարող են մամլոյ ասուլիսներ ունենալ եւ իրենց կարծիքները ներկայացնող յօդուածներ ստորագրել մամուլի մէջ, եւ երբ յանձնախումբերու մեծամասնական ատենապետները հաճին հետախուզական ատեաններ նախաձեռնել, յանձնախումբերու վրայ իրենց գրաւած աթոռներու իրաւասութեամբ, կարող են հարցաքննել կառավարութեան պաշտօնատարները։ Բայց քանի՞ հոգի կը դիտէ C-SPAN-ը։ Այսօր, դեմոկրատները կրնան պահանջել Պուշի կառավարութեան հետախուզական մարզէն ներս ցուցաբերած աղէտալի դերակատարութեան քննարկումը, սակայն չեն կրնար վկաներ կանչել կամ փաստաթուղթեր տեսնել ու քննել։ Կրնան պաշտօնէութեան փոփոխութիւններ առաջարկել, բայց չեն կրնար ստիպել, որ այդ փոփոխութիւնները կատարուին։ Ի վերջոյ, մեծամասնական կուսակցութիւնն է, որ պիտի որոշէ, թէ ինչ աստիճանի հակակշիռ յարմար եւ ընդունելի կրնայ ըլլալ «պատերազմական վիճակի» ընթացքին։
Վերցնենք չարչարանքի հարցը։ Ապու Ղրէյպի գայթակղութենէն անմիջապէս ետք, 2004ի Ապրիլին, Ծերակոյտին Զինեալ սպասարկութեան յանձնաժողովը ունեցաւ հետախուզական ատեանի եռօրեայ ունկնդրութիւն։ Հոս էր, որ պաշտպանութեան պետական քարտուղար Տանըլտ Ռամսֆելտ իր վկայութիւնը բերաւ։ Յաւելեալ ունկնդրութիւն մը, որպէս այժմէացման նիստ, տեղի ունեցաւ 2004ի Սեպտեմբերին։ Այդ օրէն ասդին, հակառա՛կ ԱՄՆի արգելարաններու, գաղտնի բանտերու, ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած անհատներու «ուղարկման» դէպի բիրտ չարչարանքներով անուն հանած երկիրներ, եւ ամերիկացի բանտապահներու կողմէ կալանաւորներու բռնաբարման ու սպանութեան շուրջ կատարուած մերկացումներու շարունակական հեղեղի մը, Քոնկրէսը միայն մէ՛կ ունկնդրութիւն ունեցած է կալանաւորման ընկալեալ օրինակարգի հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան ցուցաբերած օրինազանցութիւններուն շուրջ։ Անհաւատալիօրէն, ո՛չ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը եւ ո՛չ ալ Ներկայացուցիչներու տան Միջազգային հարցերու յանձնախումբը հրապարակային ունկնդրութիւն ունեցած է այս հարցերուն շուրջ՝ հակառակ անոր, որ Կուանթանամոն եւ Ապու Ղրէյպը ԱՄՆի արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ վիթխարի ազդեցութիւն մը ունեցած են։
Միթէ՞ սպասելի չէր, որ դեմոկրատները կարողութիւնը ցուցաբերէին առանձի՛նն ձեւ մը գտնելու՝ յանցագործները հաշուի կանչելու։ Հասարակաց կարծիքի հաշուարկները ցոյց կու տան, թէ ամերիկացիք հաւատացած են, որ դեմոկրատները իրենց դերին մէջ չեն եղած։ Իրաքի հարցով, իսկապէ՛ս, ամերիկացի քուէարկուն յաճախ աւելի յուսախաբութիւն ցոյց կու տայ դեմոկրատներու՛ հանդէպ՝ որ պատերազմէն դուրս գալու ձեւ մը չեն գտած, քան հանրապետական կառավարութեան, որ մեզ այդ պատերազմին մէջ քաշեց։ Դեմոկրատներուն՝ Իրաքի հարցով պապանձելու ազդակներէն մին էր ա՛յն իրողութիւնը, թէ անոնք մեծ թիւով (29 դեմոկրատ Ծերակոյտին մէջ եւ 81՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ) քուէարկեցին ի նպաստ Իրաքի արշաւանքին։ Ասոնց մէջ կային այն բոլո՛ր ծերակուտականները, որոնք նախագահական փառասիրութիւններ ունէին եւ (միա՛կ բացառութեամբը Փօլ Ուելսթընի) բոլո՛ր անոնք, որոնք իրենց ընտրական պայքարներու ճամբուն վրայ դժուարութիւններու էին հանդիպած։ Հակաճառութիւն կար, սակայն ոչ ոք Ծերակոյտին մէջ կը փափաքէր ըլլալ իր սերունդին Սէմ Նաննը. ակնառու սկզբնակ մը՝ որուն սահուն ընթացքը դէպի նախագահական աթոռ՝ ընդհատուած էր 1991ին, Պարսից ծոցի պատերազմին դէմ իր բռնած դիրքին պատճառաւ։ Բայց, ինչպէ՞ս բացատրել պատերազմին դէմ քուէարկած Ծերակոյտի 21 եւ Ներկայացուցիչներու տան 126 դեմոկրատներուն լռութիւնը։ Մասա՛մբ, կարելի է ըսել, որովհետեւ նոյն իսկ անոնք, որոնք հակառակած էին նախայարձակումին, չեն ուզեր ձաղկուիլ որպէս անհաւատարիմ՝ ԱՄՆի զինեալ ուժերուն։
Հակառա՛կ այս բոլորին, շատ մը դեմոկրատներ վաղուց յստակ դիրքորոշում ցոյց տուած պիտի ըլլային իրենց հանրապետական պաշտօնակիցներուն դէմ, եթէ աղէտալի ներխուժման վաղորդայնին ընդունելի պատասխան մը ստացած ըլլային այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի դուրս բերուէին Իրաքէն ԱՄՆի զինեալ ուժերը, առա՛նց լուրջ վնաս հասցնելու ԱՄՆի շահերուն եւ սաստկացնելու արդէ՛ն իսկ մահացու արիւնահեղութիւնը՝ որուն զոհ կ’երթայ այսօր Իրաքի բնակչութիւնը։ Ներկայիս, շատ մը ամերիկացիներու դեմոկրատներուն հանդէպ ցուցաբերած յուսախաբութեան պատճառը Ամերիկայի ծուղակը ինկած ըլլալու զգացումն է։
Տրամաբանական տարբերակի մը բացակայութեան, Իրաքի շուրջ կայացած վիճաբանութիւնը կը մնայ «նուազագոյն վնասով» դուրս գալու մտասեւեռման սահմաններուն մէջ. մօտեցում մը, որ հազիւ թէ կարենայ վստահութիւն կամ խանդավարութիւն ներշնչել արտաքին քաղաքականութեան շուրջ, կամ նուազում՝ պետական ապահովութեան մարզէն ներս հանրապետականներուն վայելած ժողովրդային վստահութեան։ Դժբախտաբար, Իրաքը վարակած է ազգային ապահովութեան համադրեալ քննարկումը։ Եթէ դեմոկրատ էք, եւ խօսակցութիւն մը սկսիք ազգային ապահովութեան յառաջդիմական ծրագրաւորումի մը բաղկացուցիչ իրադրումներու շուրջ (թէ ի՛նչ ձեւով ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է նորոգել), շատ հաւանական է, որ ձեր խօսքը ակնթարթի մը մէջ ընդմիջուի.- «Շատ հետաքրքրական է, սակայն ի՞նչ ձեւով պիտի լուծենք Իրաքի՛ հարցը»։ Եթէ ջանաք շինիչ ձեւով խօսիլ, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է ապագայ դժուարութիւններու առաջքը առնել (գաղափարներ արտայայտելով Հնդկաստանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը կարգի բերելու մասին, Իրանի՛ հիւլէական ախորժակներուն հետ վերաբերմունքի մասին, եւ կամ, ինչպէ՛ս վերսկսիլ խօսակցութիւնները Հիւսիսային Քորէայի հետ), հետեւեալ պատասխանը կը ստանաք.- «Այո՛, սակայն ինչպէ՞ս դուրս պիտի գանք Իրաքէն»։ Դեմոկրատները պէտք է դուրս գան այս թակարդէն եւ ստանձնեն իրենց հիմնական պատասխանատւութիւնները որպէս պատերազմի օրերու ընդդիմադիր կուսակցութիւն, ներկայացնելով ա՛յլ տեսլական մը, եւ ուր որ կարելի է, հաշուետուութիւն պահանջելով գործադիր մարմինէն։
(Վերջը Յաջորդիւ)
(*) Մեր ընթերցողներուն եւ առհասարակ ամերիկահայութեան ծանօթ անուն է Սամանթա Փաուըր, որու A Problem from Hell: America and the Age of Genocide գիրքը 2003ի «Փուլիցըր» մրցանակին արժանացաւ: Փաուըր նաեւ ջատագովներէն Մ. Նահանգերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ օրին, իր այս գիրքի լոյս ընծայումին առիթով, արժանացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի յատուկ գնահատական-մրցանակին: Ներկայիս, ան ծերակուտական Պարաք Օպամայի (Դ., Իլլինոյ) արտաքին յարաբերութեանց խորհրդականն է եւ կը պատրաստէ Իրաքի մէջ 2003ին սպաննուած ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Սերճիօ տը Մելլոյի քաղաքական կենսագրականը: