Սեպտեմբերին, Վիեննա, Պէյրութ, Թորոնթօ, Հայաստան, եւ հոն ուր հայեր կան, բազմամարդ կամ փոքրաթիւ հայ համայնքներ, նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը: Անկախութիւն. կախարդական բառ՝ որ երեք սերունդներ օրօրեց երազներով, որոնք ցնորք կամ դաւաճանութիւն համարուեցան ապազգային հանգանակներու հետեւորդներուն կողմէ:
Անկախութիւն՝ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ ազատագրուած Արցախի, որ հաւանօրէն հանդիսացաւ այն ճանապարհը, ուրկէ եկանք դէպի վերանկախացման նուաճում: Տասնհինգ տարիներ անցան արդէն խորհրդային բռնատիրութեան փլուզումէն ի վեր, անկախացան այդ ակամայ միութեան անդամ երկիրները եւ Խորհրդային Հայաստանի տարածքին վրայ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ որպէս լիիրաւ պետութիւն, անդամ դարձաւ ՄԱԿին, միաժամանակ վերականգնելով ազգի մը անդամներուն հպարտութիւնը: Հանգրուան մը, քանի որ վառ պէտք է մնայ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն առաջին քայլն է Արցախի ազատագրումը, երբ հայը կը դառնայ տէր իր հողին, նշանակալից քաղաքական իրադարձութիւն, քանի որ հայ ժողովուրդը, հազարամեակ մը հայրենիքի բեկորներ կորսնցնելէ ետք, կը վերանուաճէ ինչ որ իրեն կը պատկանի: Այս այն քայլն է, որ մեզ կը տանի երազէն իրականութիւն: Իրաւունքի ձեռքբերում՝ որ երբեք նուէր չէ եղած եւ պիտի չըլլայ:
Վերանկախացման տօնը պիտի նշուի Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի հեռու եւ մօտ անկիւնները: Կ’ըսենք՝ վերանկախացում, քանի որ Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսիոյ համատեղ ճնշումներուն տակ, Ի. դարու սկիզբը կենսագործուած անկախութիւնը գերեզմանուեցաւ: Ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ տասնհինգ տարիները մանրամասնութիւն կրնան համարուիլ, երբ դիտենք դարերու վրայէն, սակայն տուեալ պահու մը, իրադարձութիւն մը, որոշիչ դեր կ’ունենայ այդ ժողովուրդի հոլովոյթին եւ կազմութեան վրայ: Մեծ թիւով ազգեր անհետ կորած են պատմութեան բաւիղներուն վրայ: Այդպէս է իմաստը Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան, մայիսեան անկախութեան, որուն ուղիղ գծին վրայ հարկ է տեսնել այսօրուան Հայաստանը, անվարան շեշտելով, որ ան հողակտոր մըն է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած են հայրենի կարգ մը մտաւորականներ, հազիւ երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, առանց ճշգրտութեան դէմ մեղանչելու, հազիւ մէկ հինգերորդը Հայոց Տան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերականգնեցաւ Խորհրդային Միութեան աւերակներուն եւ բացասական ժառանգութեան վրայ: Դեռ այսօր ալ կը շարունակուի դժուար երկունքը: Դժուար սկիզբ մը. քանի որ մէկ տարի առաջ ահեղ երկրաշարժ մը սփռած էր մահ եւ աւերածութիւն, քանի որ հայկական Արցախի մէջ տեղի ունեցած էին ցեղասպանական բնոյթով եղեռնագործութիւններ եւ հոն թափով սկսած էր ազատագրական պայքարը՝ ընդդէմ համաթրքական երազի իրականացման: Երեք իրադարձութիւններ, որոնք գումարուած էին, ստեղծելով անել կացութիւններ, մանաւանդ որ Հայաստան մեծ մասով շրջապատուած էր անբարեացակամ ուժերով: Բայց անել կացութիւնները երբեք չեն քանդած երազները, եւ ազգ մը երբ երազ չունի, քաղաքական բառապաշարով կ’ըսենք՝ հեռանկար, կը մեռնի: Արցախի ազատագրական պայքարը երազի մը տեսանելի իրականացումը հանդիսացաւ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանգուածներուն համար, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք իշխանատենչութեան կամ քաղքենիացման ընդարմացումով կ’ապրէին:
Հակառակ բարդութիւններու եւ նոր ստեղծուող պետութեան կարգ մը վարիչներու ապազգային եւ անհեթեթ սխալներուն, որոնց մասին հարկ է խօսիլ, կանխելու համար փորձութիւնները եւ փորձանքները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմացաւ եւ տեւեց, եւ անվարան պէտք է ըսել, համայն հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքով, կը շարունակէ զարգանալ, հակառակ պատերազմական մնայուն վիճակին, քանի որ, յաճախ պէտք է կրկնել, Հայաստանի պարտադրուած շրջափակումը պատերազմական արարք է, եւ դժբախտաբար, միջազգային համայնքը կացութիւնը ըստ այնմ չի գնահատեր եւ չի հակազդեր ատոր: Կարծէք մենք ալ այդ յիշեցումը դադրած ենք ընելէ: Սփիւռքը պետութիւն չէ, ոչ միաձոյլ է եւ ոչ ալ միակամ եղած է, մանաւանդ խորհրդային կարգերու նկատմամբ որդեգրուած հակադիր կեցուածքներու պատճառով, որոնք կը թելադրուէին կայսերական Մոսկուայէն: Սակայն Սփիւռքը ունեցած է հասարակ յայտարար մը, իր զգացական հայրենասիրութիւնը, որ ապրեցուցած է զինք եւ տրամադրած Հայաստանի օժանդակութեան, որուն փաստերը խօսուն են: Զգացական հայրենասիրութիւն, եւ այդ պատճառով ալ նախաձեռնութիւնները չեն հպատակած ընդհանուր ռազմավարութեան մը, եղած են յաճախ անհատական, եւ շատեր զարմացած են, որ անոնք չեն ծառայեր իրենց նպատակին:
Հայաստանի վերանկախացման եւ ազատագրուած Արցախի պետութեան ստեղծման տասնհինգամեակ է (պատմական զոյգ իրադարձութիւնները արուեստականօրէն պէտք չէ անջատել), եւ ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ Սփիւռք, նուազ զգացականութեամբ եւ հեռանկարային հայեացքով հաշուեկշիռ փորձէ ընել, ազգի տոկալու եւ տեւելու պատկերացումներով: Այս ընելու համար, ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ, ինքնախաբէութիւնը եւ ինքնագոհութիւնը չհամարել քաղաքականութիւն եւ մանաւանդ՝ հայրենասիրութիւն, չխորհիլ երբեք, որ քննադատութիւնը չարամտութիւն է: Փարիզ, Վիեննա, Պէյրութ կամ Սաօ Փաւլօ, հայ անհատը չի քննադատեր Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը կամ ընկերային օրէնքները: Հայը կը խօսի, օրինակ, իր համայնքային կեանքին եւ անոր անբաւարարութիւններուն մասին, բնականօրէն կը խօսի իր հայրենի իշխանութիւններու աշխատանքի դրական եւ բացասական երեսներուն մասին: Տիրոջ եւ ծառայի գիտակցութեամբ:
1991էն ի վեր, հայ կեանքը, Հայաստան եւ Սփիւռք, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային փոփոխութիւններու ենթարկուած է, չեմ համարձակիր ըսել՝ ցնցումներու: Երկրաշարժի յաջորդող օրերուն եւ անոնցմէ առաջ, եւ մինչեւ այսօր, ուժաքամ երկիրը կ’ապրի պատերազմական վիճակի մէջ: Բայց կը վերաշինուի համահայկական ճիգերով: Կայսրութեան մեծ եւ ռազմական ճարտարարուեստի դրութենէն ետք, Հայաստան կը թեւակոխէ ազատ շուկայական եւ սպառողական համակարգ: Դժբախտաբար, ինչպէս նախկին խորհրդային բոլոր հանրապետութիւնները, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թատերաբեմ եղաւ անսանձ չարաշահումներու, կաշառակերութեան, գողութեան, փտածութեան, որոնք դարձան ընկերաքաղաքական ոճ, եւ հակառակ անոր, որ տեւաբար կը յայտարարուի, որ պայքար կայ անոնց դէմ, դեռ կարելի չէ եղած առողջացնել պետական վարչամեքենան եւ անոր ուղղակի ու անուղղակի բոլոր օղակները: Յանցաւորները դատարան չյանձնուեցան անկախ դատախազներու կողմէ, ամերիկեան ձեւով «ֆետերըլ ճաճ» (դաշնակցային դատաւոր) մը քննութիւն չի բանար կասկածելիներու դէմ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայազգի նման դատաւորներ գացին Հայաստան օրէնքի մշակման օժանդակելու համար: Հայաստանի վերականգնման համար կենսական նշանակութիւն ունին այս պայքարը եւ անոր յաջողութիւնը: Առանց աշխատանքի հարստացումներու դէմ օրինական հետապնդումներ չկան Հայաստանի մէջ, որոնք ազգին պէտք է վերադարձնեն իր ժառանգութիւնը: Մաֆիա եւ մաֆիոզ բառերը կը գործածուին, հասցէներն ալ ծանօթ են, բայց ոչ ոք կ’անհանգստանայ եւ կ’անհանգստացնէ:
Վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիները ազգի միացման չնպաստեցին: Կողոպուտին վրայ գումարուեցան անհանդուրժողութիւններ, այլամերժութիւն, հալածանքներ, որոնք չմնացին միայն խօսքի մակարդակին. բանտարկութիւններ, դատեր, ոճիրներ: Միջնադարեան պատկերներ պարզուեցան, կրակի տրուեցան տպարաններ եւ այրուեցան գիրքեր: Խոշտանգուեցան լրագրողներ, երբ կարգախօս էր ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը: Հայաստանի կառավարութիւնը չձեռնարկեց այդ չարագործութիւններու հեղինակներու դատական հետապնդման, չսահմանեց պատիժներ:
Վերանկախացումէն տասնհինգ տարի ետք, որպէս Սփիւռքի ծնունդ հայ, ինքզինքս կը գտնեմ հարցականներու առջեւ, որոնց պատասխանները կը սպասեմ: Միշտ ըսած եմ, որ եթէ դէպքերը հեզասահ կերպով ընթանան, տարբեր կարծիքներ չեն արտայայտուիր: Իսկ կարծիք ունենալ եւ զայն արտայայտել իրաւունք է, մեղանչում չէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր հայերուն հայրենիքն է, եւ տարբերութիւն տեսնել հայրենաբնակի եւ ոչ-հայրենաբնակի միջեւ, մեզ իրարմէ հեռացուցած թշնամիներուն հետ մեղսակցութիւն է: Հայրենի պետութիւնը եւ անոր օրէնսդիրները անկարող եղան մեր դժբախտ ճակատագրի արդիւնք անբնական կացութեան եւ հակասութիւններուն ազգային լուծում գտնելու: Կարգախօսային աղմկարարութիւնը, ինչպէս այդ կ’արտայայոտի «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» տարազով, կամ այլ ամբոխավարական տարազներով, որոնք կը պատգամեն, թէ Սփիւռքը մաս կը կազմէ Հայաստանի, իսկական միութեան եւ միաւորման չյանգեցան: Հայածնունդ մարդիկ, որոնք կարօտով Հայաստան կ’այցելեն, որոնք սոսկ զբօսաշրջիկէ տարբեր են, մուտքի արտօնագիր ունենալու համար դիմում կ’ընեն, մինչդեռ որքա՜ն պարզ եւ բնական պիտի ըլլար, որ Հայաստան մուտքի համար հայ ըլլալու հանգամանքը բաւարար ըլլար: Այդպէս չեղաւ, այդ չէ կացութիւնը, եւ հայ մարդը Հայաստանի մէջ կը նկատուի օտարերկրացի, ինչպէս նոր զելանտացին, քոնկոցին կամ սկովտիացին: Հայրենիքի երազով գոյութիւն պահած մարդոց հանդէպ այս վերաբերումը չեմ ուզեր որակել: Իսկ միամիտներ օրօրող Սփիւռքի հայուն տրուած անցագիրը անձնագիր չէ, այլ պարզապէս տասը տարուան մուտքի արտօնութիւն, քանի որ այդ անցագրին հետ հարկ է ներկայացնել բնակած երկրի պաշտօնական անցագիրը… Եթէ անցագիր է, ինչո՞ւ ուրիշ անցագիր ալ պահանջել: Հայուն Հայաստանի քաղաքացիութեան իրաւունքի ճանաչման հարցի քննութիւնները եւ ձգձգումները ոչ մէկ ձեւով ազգաշէն էին երէկ, չեն այսօր, պիտի չըլլան վաղը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանկախացած է, եւ բացի խորհրդային կարօտախտէ տառապողներէ, հայ մարդիկ ազգային հպարտութիւն ունին: Անկախութիւնը այլեւս երազ չէ, այլ՝ իրականութիւն, եւ իրականութիւնը կը կենսագործուի եւ կը պահպանուի առարկայական տուեալներով: Տօները առիթ են խանդավառութեան, բայց նաեւ մտածելու, տեսնելու, դատելու, գնահատելու: Երբ անկախ չէինք, գաղափարը կրնար նկատի չունենալ իրականութիւններու պարտադրանքը: Այդպէս է երազի ուժը: Սակայն այսօր, կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար անբարեացակամ շրջապատի մը մէջ, ազգային անկախութիւնը պահելու համար, կենսական են առարկայական տուեալները եւ անոնց ազգային հակակշիռը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլազան պատճառերով եւ պատրուակներով, երկրի մը անկախութիւնը երաշխաւորող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները, ելեքտրակայանները (հիւլէական եւ այլ), հեռաձայնը, օդակայանը, մեծ գործարանները, հանքերը, վաճառած է օտար ընկերութիւններու, որոնք, այդ ձեւով, կը հակակշռեն Հայաստանի տնտեսութիւնը, հետեւաբար նաեւ քաղաքականութիւնը: Այսինքն, այդ կառոյցներուն վրայ պետական հակակշիռը խորհրդանշական է: Հայաստանի կառավարութիւնը, անկախութիւնը երաշխաւորող հզօրանք ունենալու համար, աստիճանաբար պէտք իրականացնէ այդ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու հահակշռին եւ տիրութեան վերաձեռքբերումը: Վերականգնող Հայաստանի համար մեծ մարտահրաւէր է անկախութեան իրաւ պահպանումը: Այսօր ալ չարաշահումը կը շարունակուի չդադրած սեփականաշնորհումներու ճամբով:
Քաղաքական-գաղափարախօսական գետնի վրայ, առաջին օրերու խարխափումներու հետեւանք ապազգային տեղատուութիւնները մասամբ յաղթահարուած են, թրքամէտ քաղաքականութեան նահանջով, երբ կը յայտարարուի, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մաս կը կազմէ: Ոստում մը: Սակայն Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն նուաճուած ռազմավարական եւ հեռանկարային գաղափարախօսութիւնը, որ ՄԻԱՑԵԱԼն էր, օրակարգ չէ, առնուազն այդ մասին ոչ ոք կը խօսի, քանի որ, Հայաստան եւ Սփիւռք, գործնապաշտներ ցնորք կը համարեն զայն, մինչդեռ Արցախի ազատագրական պայքարի օրինակը վառ է եւ խօսուն: Առանց միաւորման երազին եւ միաւորման, անկախութիւնը երբեք լիիրաւ պիտի չըլլայ, Հայաստանի ինքնուրոյնութեան դէմ սպառնալիքները անպակաս պիտի ըլլան: Այլ խօսքով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը, հեռանկարային աշխատանքի պիտի լծուին, փոխանակ գոհանալու բարեսիրական կարկտաններով, զորս կը շփոթենք հայրենասիրութեան հետ: Կատարուած իրականութիւնները ընդունելու քաղաքականութիւնը ոչ մէկ ձեւով ազգային է, չի նպաստեր շեփորուած վերականգնումին:
Անցնող տասնհինգ տարիներու ընթացքին չյաջողեցանք ապազգային եւ ապազգայնացնող վարչակարգէ մը ժառանգուած բացասականութիւնները յաղթահարել: Մշակոյթը ազգային ինքնութիւնն իսկ է, եւ ան կը կերտուի դարերու ընթացքին գումարուող եւ իւրացուող արժէքներով: Ինքնութիւն եւ մշակոյթ հարթելու միտող եւ բարեկարգումի պիտակին տակ կատարուած չարակարգումը, որ կը վերաբերի ազգային լեզուին, չյաջողեցանք կամ չկամեցանք սրբագրել: Խօսքը կը վերաբերի հայերէնի տասնհինգ դարերու միասնական ուղղագրութեան, հայերէնի բառապաշարին եւ շարահիւսութեան: Խորհրդայնացման թէժ օրերուն, հրամանագրով մը, հայերէնի ուղղագրութիւնը ձեւազեղծուեցաւ, որպէս հեռաւոր նպատակ ունենալով հայերէնի այբուբենի վերացումը եւ լատինական տառերու որդեգրումը, որ Մոսկուայի քաղաքականութիւնն էր բոլոր ազգութիւններուն նկատմամբ: Այս խոստովանութիւնը ըրած է չարակարգումի հրամանագիրը ստորագրող կոմիսարը: Այսինքն, մերժելով հայերէնի ուղղագրութեան վերականգնումը, կը շարունակենք ապազգայնացման ձգտող կայսրութեան մշակութային քաղաքականութիւնը: Հայերէնի ուղղագրութեան փոփոխութիւնը նպատակ ունէր հայ ազգը խզել իր բազմադարեան սեփական եւ ինքնուրոյն մշակութային ժառանգութենէն, որ առաւելաբար լեզուով փոխանցուած էր, եւ իրարմէ խզել ազգի զոյգ հատուածները, քանի որ անոնց միացումը քաղաքական լուրջ խնդիր էր Մոսկուայի վարած թրքամէտ քաղաքականութեան համար, արծարծուելիք ամբողջացման պահանջով: Եւ քանի որ Մոսկուայի քաղաքականութիւնն էր, Լենինէն մինչեւ Պրեժնեւ յայտարարուած, որ իւրաքանչիւր սովետ քաղաքացի պարտի սորվիլ ռուս մեծ լեզուն, հայերէնը ողողուեցաւ օտար բառերով եւ շարահիւսութեամբ, հոգեբանութիւն մը, որ կը շարունակուի, այս անգամ ռուսերէն փոխառութիւններու վրայ գումարելով ամերիկեան բառեր եւ ասութիւններ: Անոնցմէ առաջ դեռ կային տուն-տեղ դարձած թրքերէն բառերը… Յաճախ կը յիշեմ Շաւարշ Միսաքեանի այն լուաւոր միտքը, որ առանց լեզուի անկախութեան չկայ ազգային անկախութիւն, կամ Ռաֆայէլ Իշխանեանի բիրտ բայց այնքան իրաւ խօսքը, որ առանց լեզուի ի՞նչ ազգ… Ի հարկէ կը տեւեն ծագումով հայեր, որոնք կրնան ըլլալ բարեսէր, եւ ոմանք կրնան այդքանով գոհանալ, Հայաստան եւ Սփիւռք: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք դեռ չլծուեցանք հոգեկան եւ ոգեկան անկախացման աշխատանքին, եւ այս յիշեցումը բացասական քննադատութիւն չէ, այլ ազգային գաղափարախօսութենէ թելադրուած միացման եւ հարազատութեան արդար ակնկալութիւն: Եթէ այդ ոգեկանութիւնը վերականգնած ըլլար, հանդիսատես չէինք ըլլար վայրագ արտագաղթին, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար դառն աղէտ է: Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ վերանկախացման հետեւող տասնհինգ տարիները յատկանշուեցան բազմերես աղէտով մը, որ ցարդ ըստ արժանւոյն չգնահատուեցաւ՝ ազգի լինելութեան տեսանկիւնէն: Հարկ է խօսիլ արտագաղթի մասին, զոր կարգ մը պատասխանատուներ օգտակար համարեցին, յայտարարելով, որ գացողները կ’օգնեն մնացողներուն, ազգը համարելով տեսակ մը նպարավաճառատուն… Հայաստանի Հանրապետութեան վարիչները, եւ ընդհանրապէս նաեւ հայկական արտասահմանը, չքննեցին արտագաղթի հոգեբանական եւ գաղափարախօսական ծանրակշիռ անդրադարձները երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, քանի որ մնացողներուն համար մեկնումը դէպի Էլտորատօ, Եւրոպա կամ Ամերիկաներ, դարձաւ ցանկութիւն, զոր չիրականացնել կ’ընդունուի որպէս զրկանք՝ մնացողներէն շատերուն համար: Իսկ հայկական արտասահմանը, որ մշակած էր վերադարձի փիլիսոփայութիւնը, ինքզինք գտաւ անշրջանցելի հակասութեան մը առջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի էր խօսիլ հայրենադարձութեան մասին, երբ հայրենիքի բնակչութիւնը զանգուածային կերպով կը հեռանար: Այսինքն, Սփիւռքի հայօրէն վերապրումի գաղափարախօսական հիմերը կը խախտէին: Իսկ Սփիւռքը, մխրճուած իր արժեզրկուած մրցակցութիւններուն մէջ, մարդորսական նկատումներով, արտագաղթի բացասականութիւնը մերժեց նկատի առնել, որուն հետեւանքով այսօր կը կազմաւորուին ծագումով հայերու համայնքներ, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան համար կը դառնան կարողական զբօսաշրջիկներ:
Գումարուեցան Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներ, երկու, երեք, քանի մը տարի վերջ չորրորդ մըն ալ կրնայ գումարուիլ, եւ այդպէս շարունակ, որոնք այս հիմնական հարցերով բացարձակապէս չզբաղեցան, մինչդեռ ղեկավարութիւններու պարտականութիւնը պիտի ըլլար ազգի եւ հայրենիքի ամբողջականութեան տեսիլքի ընդմէջէն տեսնել, քննել եւ յանդգնութեամբ եզրակացնել: Այդ խորհրդաժողովները եւ մէկութեան տարազով ներկայացող նախաձեռնութիւններ Սփիւռքը նկատի չունեցան, որպէս ազգի աւելի քան կէս, որուն հայօրէն տոկալու եւ տեւելու խնդիրը կ’առնչուի ազգի լինելութեան: Քարոզչութիւնը շփոթներու առաջնորդեց, գովաբանուեցան օտարագիր հայածնունդ գրողները, երգիչները, հայերէն գրողները անտեսուեցան, ազգի գոյատեւման երակները չորցնելով:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տասնհինգ տարիները բաւարար չեղան, որպէսզի ակամայ Սփիւռք դարձած հայերը մասնակից դառնան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինման, անոնց տրուեցաւ նուազուրդով մասնակցութեան իրաւունք, որ սոսկ տնտեսական էր: Զգացական հայրենասիրութեամբ, Սփիւռքը այս հարցերը չի դներ ժողովներու եւ խորհրդաժողովներու սեղանին վրայ: Այս թոյլ վերաբերումը կ’ունենայ ծանրակշիռ հետեւանքներ, եւ երբ ուզենք անդրադառնալ, կրնայ արդէն ուշ ըլլալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը չանջատուիր Արցախի ազատագրումէն, քանի որ այս կամ այն պատճառով որպէս տարբեր պետութիւն ներկայացող Արցախի Հանրապետութիւնը, իրողապէս մաս կը կազմէ հայոց հայրենիքին: Արցախի ազատագրումը համազգային հեռանկարային քաղաքականութեան հանգրուանն է, Միացեալի իրականացման ճամբուն վրայ: Բացարձակապէս կարեւոր չէ, թէ ինչ կ’ըսեն օտարներ, երբ կը խօսին ազատագրուած բեկորներու մասին, որոնք գրաւուած չեն, հայու հող են, ազատագրուած տարածքներ եւ հայ մարդիկ, քաղաքական գործիչներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ժողովուրդ, այդ տարածքներու մասին երբ խօսին եւ ըսեն գրաւուած, կը մղեն ենթադրելու, որ այս կամ այն պատճառներով կարելի է զանոնք զիջիլ, մեր ժողովուրդի պատմութիւնը վերադարձնելով իր բացասական հոլովոյթին մէջ, որ հազարամեակ մը յատկանշուած է հողային կորուստներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումը պիտի կարենա՞նք դաձնել Հայաստանի վերականգնում, ամբողջացման ճամբուն վրայ, զոր այնքան դիպուկ կերպով կը բնորոշէ հողահաւաք բառը, զոր պէտք է լրացնել նոյնքան դիպուկ բնորոշում ունեցող հայահաւաքով:
Կլոր թուականները եւ տարեդարձները հրավառութիւն կ’ըլլան, եթէ անոնք չունենան խորք եւ տարողութիւն: Հայաստանի վերանկախացումը ազգային բազմերես վերականգնումի պատուանդան պէտք է ըլլայ, եւ այդ ընելու համար մեր սերունդը քաղքենի ինքնագոհութիւններէ անդին անցնելով պէտք է ձգտի ինքահաստատման:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը, Միացեալը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը տեւական ընթացքի մէջ եղող գիտակից եւ հասուն ժողովուրդի մը առջեւ դարպասներ են, զորս հարկ է բանալ, որպէսզի տեւենք որպէս ինքնուրոյն ազգ: Կարեւոր չէ, թէ ինչ կ’ըսեն ուրիշներ, ինչ կ’ուզեն, ինչ կ’ուզեն պարտադրել: Մենք պիտի գիտնանք, թէ ինչ կ’ուզենք, մեկնելով մեր ժառանգութենէն եւ իրաւունքէն:
Վերանակախացած Հայաստանի տասնհինգամեակն է: Առանց մսկոտութեան պիտի ըսե՞նք, թէ ե՞րբ պիտի տօնախմբենք ամեակները Միացեալի: