ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Օրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական ժապաւէնի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ հեղինակաւոր ANNECY շարժապատկեր փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ: «Օրորայի Լուսաբացը» ժապաւէնը մրցոյթի ծրագիրին մէջ է:
Լուրը հաղորդեց «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»ը, որուն հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «Օրորայի Լուսաբացը», որուն բեմագիրը եւ գեղարուեստական ղեկավարը Իննա Սահակեանն է, այն բացառիկ ժապաւէններէն է, որ ամէնէն ժամանակակից շարժապատկերի լեզուով աշխարհին պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջին` Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւը կրող Օրորա Մարտիկանեանի հերոսական պատմութիւնը:
Ժապաւէնը արտադրած է «Պարս Մետիա» ընկերութիւնը: