Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկումին եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող դեսպան մը նշանակելու Պուշի վարչակազմին ջանքերուն, այս առնչութեամբ Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքին, դեսպանութեան թեկնածու Ռիչըրտ Հոկլընտի հաստատումին վրայ դրուած ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի արգելքըին, Ուաշինկթընի քուլիսներուն մէջ տարուող պարանաձգութեան, այս հարցին օրինական շրջագիծին, քաղաքական տարողութեան, հաւանական ելքերուն ու յաջորդ հանգրուանին վերաբերող ծրագիրներուն վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործավար Եղիսաբէթ Չուլճեանի հետ։
Չուլճեան գոհունակութիւն յայտնեց այս առնչութեամբ ստեղծուած տրամադրութիւններուն համար եւ ողջունեց Մենենտէզի քայլը: «Ծերակուտական Մենենտէզ սրտբացօրէն յանձնախումբին բացատրեց իր մտահոգութիւնը, որ նախ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան որդեգրած կեցուածքին. ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ նախկին դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկման առնչութեամբ լուսաբանութեան կարօտ կը մնան կարեւոր հարցումներ. թէեւ մենք գիտենք, թէ ինչո՞ւ համար պաշտօնազրկած են զինք, պարզապէս որովհետեւ ան հաստատած էր ճշմարտութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, բայց նախարարութիւնը կը փորձէ թաքցնել պաշտօնազրկումին պատճառը եւ կը մերժէ յստակ պատասխան տալ», բացատրեց ան։
Չուլճեան դիտել տուաւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբին մտահոգութիւնները աւելի ընդարձակ եւ լայնածիր են, եւ «ցարդ յստակացած չէ, թէ թրքական կառավարութեան դերը ի՞նչ եղած է այս նիւթին մէջ»։ Ան յայտնեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբին ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ թրքական կառավարութեան լոպպիիստները դեսպան Էւընզի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսքերը լսելէ անմիջապէս ետք իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ատկէ քանի մը օր ետք դեսպան Էւընզ ստիպուեցաւ իր խօսքերը ետ քաշել ո՛չ թէ մէկ անգամ, այլ՝ երկու։
«Ասոր կողքին, թրքական զանազան լրատուամիջոցներու հաղորդումները կը հաստատեն, որ թրքական կառավարութիւնը որոշ դեր խաղցած է, բայց մենք կ՚ուզենք պետական քարտուղարէն գիտնալ, թէ ճիշդ ի՞նչ պատահած է», ըսաւ ան։
«Թեկնածու Հոկլընտ եկաւ, որ պատասխանէ Ծերակոյտի յանձնախումբի բանաւոր հարցումներուն. երբ շատ յստակ հարցումներ ուղղուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, ան ոչ միայն ամէն միջոցի դիմեց, որ չգործածէ Ցեղասպանութեան եզրը, այլ աւելի՛ն, ան գրաւոր հարցումներուն պատասխանելով հասաւ հերքելու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը. թէեւ աւելի ուշ ան փորձեց մեղմացնել իր պատասխանը, բայց մենք իրմէ կ՚ուզենք լսել յստակ բացատրութիւն, թէ սխալա՞ծ էր, երբ կը հերքէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ այս հարցը դարմանելու համար», բացատրեց ան։
Չուլճեան յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու պետական քարտուղարութիւնը այս կացութեան դիմաց վերատեսութեան կ՚ենթարկեն իրենց կեցուածքները Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Էւընզի հարցերուն կապակցութեամբ։
Ան բացատրեց, որ կան գրուած եւ անգիր օրէնքներ։ Ինչ կը վերաբերի գրուած օրէնքին, ապա կ՚ըսէ, որ նախագահի գործունէութեան ծիրին մէջ պաշտօնատարներու (դատաւորներու եւ դեսպաններու) առաջարկած անուններուն վրայ հարկ է ունենալ Ծերակոյտի վերահսկողութիւնը. այս առնչութեամբ Ծերակոյտը իրաւունք ունի հետազօտելու եւ կարծիք տալու առաջարկուած թեկնածուներուն մասին։
Այս օրէնքը լրացնող անգիր օրէնքը կ՚ըսէ, որ նոյնիսկ մէկ ծերակուտական լուրջ մտահոգութիւններ ունենալու պարագային, կրնայ սառեցնել այդ թեկնածուին պաշտօնի վրայ հաստատումը՝ դադրեցնելով այս հարցին քննարկումը։
«Այս պարագային ծերակուտական Մենենտէզ դիմած է ա՛յս միջոցին. հիմա կրնայ այս սառեցումը յաւիտեանս ըլլալ, կամ՝ կրնայ ծերակուտականը յետս կոչել զայն. կա՛ն այդպիսի օրէնքներ ու կանոններ, բայց այդքան ատեն, որ ծերակուտականը հաստատ կը մնայ գործընթացը կասեցնելու իր կեցուածքին վրայ, այդ հարցը չի կրնար յառաջ երթալ», բացատրեց ան։
«Ազդակ»ին այն հարցումին, թէ այս կացութեան մէջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը կը մնայ թափո՞ւր, թէ՝ փոխանցման շրջանի մը համար իր գործունէութիւնը կը շարունակէ նախկին դեսպանը, գործավարը վստահեցուց, որ Երեւանի մէջ դեսպանատունը կը գործէ իր լրիւ կազմով, եւ դիւանագիտական աշխատանքները կը շարունակուին անխափան։
«Դժբախտ իրականութիւնը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը նոր դեսպանին նշանակումէն առաջ փութաց տուն կանչելու նախկին դեսպան Էւընզը», դիտել տուաւ ան, եւ յիշեցուց, որ նոյն այդ նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այդ շրջանին մէջ Հայաստանի ռազմագիտական դիրքին։ Աւելի՛ն. նախարարութիւնը այդ պաշտօնին՝ Հայաստանի մէջ դեսպան ըլլալու համար, ներկայացուցած է թեկնածու մը, որ լուրջ հարցեր պատճառած է, յիշեցուց ան։
Չուլճեան ըսաւ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շատ մտահոգ է այս քայլին համար։
«Յաջորդ հանգրուանին այս հարցը ինչպիսի՞ զարգացումներ կրնայ ունենալ. ի՞նչ ուղղութեամբ կրնայ ընթանալ եւ ի՞նչ են ձեր նախատեսութիւնները», հարցումին պատասխանելով ան յայտնեց, որ գնդակը կը գտնուի պետական քարտուղարութեան դաշտին մէջ, եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը յոյս ունի, որ անիկա այս կացութեան մէջ գտնուելով վերանայումի կ՚ենթարկէ այս առնչութեամբ իր կեցուածքները եւ կ՚առնէ համապատասխան քայլեր։
«Ասոր կողքին ըսինք, որ անոնց տրամադրութեան տակ կան բազմաթիւ ընտրանքներ. օրինակի համար՝ օրէնքը նախագահին թոյլ կու տայ դեսպան նշանակել առանց Ծերակոյտի հաստատումին, եթէ վերջինը՝ Ծերակոյտը, նստաշրջանէ դուրս եւ արձակուրդի մէջ կը գտնուի։ Ներկայիս ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այդպէս նշանակուած է», բացատրեց ան։
«Մեր յոյսը այն է, որ պետական քարտուղարութիւնը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր կեցուածքը եւ կ՚առնէ ճիշդ քայլերը, որովհետեւ վերջին հաշուով ո՛չ մէկուն շահը կը պահանջէ Հայաստան առաքել դեսպան մը, որ կը հերքէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը. անշուշտ այդպիսի բան չի համապատասխաներ Հայաստանի շահերուն, եւ նոյնն է պարագան Միացեալ Նահանգներու շահերուն, որոնք կը թելադրեն յարգուած եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջ տանելու ատակ դեսպան մը ուղարկել. Հայկական Ցեղասպանութիւնը չընդունող դեսպան մը չի կրնար այդ պայմանները լրացնել», ընդգծեց Չուլճեան։
Հարաւային Լիբանան առաքուող ՄԱԿի խաղաղարարներուն թրքական զօրքերու մասնակցութեան մասին մեր հարցումին պատասխանելով, Չուլճեան ըսաւ, որ ամերիկահայութիւնն ու անոր հետ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբը շատ մտահոգ են այդ մասնակցութեան ուղղութեամբ առնուած քայլերուն։
«ՄԱԿի բազմազգեան զօրքերը պէտք է ըլլան խաղաղապահ ուժեր, եւ իրականութեան մէջ, նկատի առած Լիբանանի մէջ թրքական բանակի ունեցած անցեալը եւ թրքական կառավարութեան դիրքորոշումները, այդ բանակին խաղաղարար առաքելութեամբ հոն տեղակայուիլը տգեղ կատակի մը կը նմանի», ըսաւ ան։
Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավարը յայտնեց, որ այդ մտահոգութիւնները փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան, եւ նոյնը ըրած են բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ։
«Այս աշխատանքը կը շարունակուի, եւ այդ մտահոգութիւնները հիմնաւորելով մենք նաեւ կը փոխանցենք, որ բոլորին պէս, մենք կը փափաքինք այդ շրջանին մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատում, ուստի հոն պէտք է գործուղուին իսկապէս խաղաղարարի դեր ստանձնելու ատակ զօրքեր», եզրափակեց Չուլճեան։