ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ չկան հակամարտութեան հետ կապ ունեցող ատրպէյճանական ծագումով անձեր, որոնց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները կրնան այցելել: Այս մասին լրագրողներու ըսաւ ԿԽՄԿի Պաքուի գրասենեակի հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Եուսէյնովա: Լուրը հաղորդեց haqqin.az-ը:
Եուսէյնովա նշեց, որ այս պահուան դրութեամբ՝ կողմերը Ղարաբաղի առաջին պատերազմի ժամանակներէն պահուող անձեր չունին։ «Սակայն, 2020 թուականի հակամարտութեան հետ կապ ունեցող հայկական ծագում ունեցող անձեր կան, եւ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները կը շարունակեն այցելել անոնց: Կ՛ենթադրուի, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կան Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ժամանակներէն կորսուած նկատուող անձեր: Սակայն երկու կողմերն ալ պաշտօնապէս յայտարարած են, որ իրենց մօտ 1990ականներէն պահուող անձեր չկան»: