Հոկտեմբեր 21ին, Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատան կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը, Omni Shoreham պանդոկին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին շուրջ հինգ հարիւր հիւրեր, որոնք ժամանած էին ԱՄՆ տարբեր նահանգներէ։ Ներկաներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքէն ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Այնտեղ էին Հայ Դատի Յանձնախումբի, «Արմինեըն էսէմպլի»ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, Հայ եկեղեցական յարանուանութիւններու եւ մշակութային ու այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան, USAID-ի, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Յատկապէս այս հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար Ուաշինկթըն ժամանած էր նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան։
Բացման իր խօսքին մէջ ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ամփոփեց անկախութեան հռչակումէն ի վեր իրագործուած նուաճումները՝ ընդգծելով ժողովրդավարացման, տնտեսութեան ազատականացման եւ պետականաշինութեան բնագաւառներուն մէջ կատարուած յառաջընթացը։ Դեսպանը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն կարեւոր դերին որ ունեցած է ամերիկահայ գաղութը եւ անոր մէջ գործող կազմակերպութիւններու առանձին եւ հաւաքական ներդրումին, որ կարեւոր յենարան եղած է ՀՀ նորանկախ պետականութեան։
ԱՄՆ վարչակազմի անունով Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով պետական քարտուղարի տեղակալ Մէթիու Պրայզա ջերմօրէն շնորհաւորեց անկախութեան 15ամեակը եւ ողջունեց ԱՄՆ-Հայաստան սերտ յարաբերութիւնները՝ շրջանային տարբեր խնդիրներու լուծման կապակցութեամբ։
Օրուան գլխաւոր բանախօս Վարդան Օսկանեան ամփոփ կերպով ուրուագծեց հայ ժողովուրդի ազատատենչ պայքարը, պատմական զուգահեռ կատարեց վերջին վերանկախացման եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան միջեւ ու նշեց, թէ անկախ եւ ժողովրդավար պետականութիւն կառուցելը տեսլական եղած է ամբողջ հայ ժողովուրդին։ Նախարարը շեշտեց Հայաստանի ու Սփիւռքի միասնութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր այդ տեսլականի կատարման։ Նախարարը իր խօսքը եզրափակեց պատասխանատուութեան հռչակագիրով մը, որուն մէջ ներկայացուց այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք այսօր մեր առջեւ կանգնած են եւ որոնց յաղթահարելու պատասխանատուութիւնը կը կրենք բոլորս։
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան։ Խաչիկեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք այսօր հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը նշենք մեր ազգի երկար պատմութեան ճանապարհին վրայ իրագործուած այս մեծ նուաճումը, որուն արժանացանք շնորհիւ սերունդներու զոհողութեան ու պայքարին։
«Կը գիտակցինք նաեւ, որ մեծ մարտահրաւէրները դեռ մեր առջեւ են՝ կառուցելու համար այն հանրապետութիւնը, որ կը մարմնաւորէ մեր երազանքը եւ կը հանդիսանայ այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կերտենք ամուր, ժողովրդավար, ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքը։
«Այս եղած է մեր իտէալը մեր երկար պատմութեան ընթացքին։ Իւրաքանչիւր սերունդ իր սեւեռակէտը դարձուցած Հայ Դատը եւ երեք հազար տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը իրենց ժամանակի պարտքը կատարած են այդ ուղղութեամբ»։
Քեն Խաչիկեան կարեւոր նկատեց պատմութեան դասերը եւ այդ պատմութենէն ճիշդ դասեր քաղելով է, որ կարելի կը դառնայ իրականութեան վերածել ազգի ձգտումները։
«Մեր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ հաւատարիմ մնալ մեր պապերուն, ոչ թէ իրենց օրինակին հետեւելով՝ այլ իրենց նոյն յանձնառութեամբ հասկնալ մեր ժամանակի մարտահրաւէրները եւ զանոնք ուղղակի դիմագրաւել։
«Մենք կ՚ըմբռնենք, որ մենք մեր ինքնութեան ու հայրենիքին համար կռուած ենք քաջաբար։ Արցախեան մեր օրերու կռիւը արձագանգն էր այդ նոյն յանձնառութեան, որուն կտակով անհամար զինուորներ ինկած են երեքհազարամեայ մեր պատմութեան հարիւրաւոր ճակատամարտներուն»։
Խօսելով այսօրուան մասին, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետը շեշտեց, թէ «այսօր, վերանկախացումէն 15 տարի ետք, բոլոր ժամանակներէն աւելի կարեւոր են պատմութեան դասերը։ Ներկայ իրականութիւններուն ի տես, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակապաշտութիւնը, մէկ բան հաստատ է այսօր, որ հայ ազգը բարդ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։ Իսկ Հայաստանի ապահովութիւնը չի կրնար երաշխաւորուիլ միջազգային այս կամ այն ուժին յարելով, այլ մեզ առաջնորդողը պիտի դառնան էապէս ազգային մեր շահերը»։ Ապա բանախօսը թուեց այն հիմնական խնդիրները, զորո պէտք է դիմակայեն Հայրենիքն ու Սփիւռքը համատեղ ջանքերով։
«Հայ Դատի Յանձնախումբը այդ դիմակայումը վերածած է ամէնօրեայ պայքարի։ Երբ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, պէտք է նշել սակայն, որ էական յառաջընթացներ արձանագրուած են», ըսաւ Խաչիկեան եւ թուեց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն կարգ մը օրինակներ։