ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն-Մարտակերտ ճամբուն վրայ, 5 Մայիսին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ի շուրջ, Արցախի մէջ ատրպէյճանական շարասիւնին մաս կազմող քարշակով բեռնատարի մը կողմէ վթարի ենթարկուեցաւ ճանապարհի հանդիպակաց գօտիով երթեւեկող արցախցիին ինքնաշարժը, որ ինկաւ ճամբու աջակողմեան ձորակը:
Արցախի դատախազութենէն տեղեկացուցին, որ դէպքէն անմիջապէս ետք դէպքի վայր ներկայացան ոստիկանութեան ծառայողները:
Վարորդին եւ երկու ուղեւորներուն առողջութեան լուրջ վնաս չէ հասած․ անոնց կեանքը վտանգի մէջ չէ:
Ոստիկանութիւնը միջոցներու ձեռնարկեց դեպքին հանգամանքները, արկածին եւ բախման յառաջացման պատճառները, զայն կանխելու կարելիութիւնը, բախումը դիտաւորութեան կամ անզգուշութեան հետեւանք ըլլալը պարզելու ուղղութեամբ:
Ինքնաշարժը «թաքս»ի էր․ անոր մէջ կային վարորդը եւ երկու յաճախորդներ։
Այս դէպքին անդրադարձան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները։
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նշեց, որ իր գրասենեակի աշխատակազմին կողմէ հաւաքուած փաստերէն կարելի է արձանագրել հետեւեալը. «Ադրբեջանական բեռնատարը, տեսնելով հնարաւոր բախումը, կարող էր դադարեցնել ընթացքը եւ թոյլ չտալ բախումը, որի հետեւանքով տաքսի մեքենան գլորուել է ձորը։ Բախումից յետոյ, տեսնելով, որ տաքսի մեքենան գլորուել է ձորը, ադրբեջանական շարասիւնը չի դադարեցրել, այլ շարունակել է ընթացքը։
Տաքսու վարորդի եւ ուղեւորների պնդմամբ տաքսու վարորդն ամէն կերպ փորձել է խուսափել բախումից, սակայն բախումից խուսափելու հնարաւորութիւն այլեւս չի ունեցել»։
Պաշտպանը նաեւ նշեց, որ այս հանգամանքները կը փաստեն բախման եւ վնաս հասցնելու ակնյայտ դիտաւորութիւնը։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Յանցագործութեան այս ակտը (վթարի վայրը լքելը) պէտք է պատշաճ կերպով եւ հրապարակայնօրէն հետաքննուի Ադրբեջանի կողմից։ Արցախի կարգավիճակը քննարկելիս՝ մարդու իրաւունքների ոտնահարման նման դէպքերը պէտք է լինեն լուծման հիմքը։ Այս պատահարից տուժածներն արդարութիւն են ակնկալում»։