8 Մայիսին, Հայաստանի հաւաքականը իր երկրորդ ոսկի մետալին տիրացաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Յունաստանի մէջ:
96 քլկ. դասակարգին մէջ, Գարիկ Կարապետեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 370 քլկ. արդիւնք մը՝ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան՝ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ, Մելիք Ղուկասեանի գլխաւորած խումբէն ոսկի մետալի տիրացած էր Գառնիկ Չալոյեան (55 քլկ.), արծաթէ մետալին՝ Սուրէն Գրիգորեան (89 քլկ.), իսկ պրոնզէ մետալին՝ Գոռ Սահակեան (67 քլկ.):