ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 7 Մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նոյն օրը կէսօրուան ժամը 1:50ի շուրջ, զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերու, ինչպէս նաեւ Սոթքի ոսկիի հանքավայրին ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ պատասխան գործողութիւններէ ետք, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրած է: Կացութիւնը անկէ ետք յարաբերաբար կայուն մնաց:
Սոթքի հանքավայրի ուղղութեամբ կրակելու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Գեոպրոմայնինգ գոլդ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ռուզաննա Գրիգորեան՝ նշելով, որ կրակոցներէն վիրաւորուած է հանքի աշխատակիցներէն մեկը: Այս կացութեան լոյսին տակ, աշխատանքները ժամանակաւորապէս կասեցուեցան:
«Կողմերը պէտք է զերծ մնան քայլերէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը ու ստեղծել յաւելեալ լարուածութեան վտանգ. բոլոր դէպքերուն նկատմամբ ալ այս դիրքորոշումը ունինք: Մենք հետամուտ ենք, որ հանքավայրը գործէ բնականոն եւ առանց ընդհատումներու: Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան համար շատ կարեւոր է նաեւ ընկերային առումով», 9 Մայիսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը։