
ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, Երեւանի եւ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ կը շարունակուին Դիմադրութիւն շարժման նախաձեռնութիւնները:
9 Մայիսին տեղի ունեցաւ համազգային հանրահաւաք, որուն ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց քանի մը քայլեր, գործողութիւններ եւ սկզբունքներ, որոնք պիտի է իրականացուին այս իշխանութիւններու հեռացումէն ետք:
Սաղաթէլեանի ելոյթէն ետք, Դիմադրութեան շարժումը քայլերթ կատարեց Բաղրամեան եւ Պռոշեան փողոցներով եւ Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտայով: Երթին մասնակցները՝ հասնելով մարեշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի արձանին մօտ, ծաղիկներ զետեղեցին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայ զօրավարի յիշատակին:
Ապա շարժեցան դէպի Պռոշեան փողոց, անկէ ետք վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր շարունակուեցաւ հանրահաւաքը:
Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022ին պիտի կատարուի դասադուլ եւ գործադուլ, չորս ուղղութիւններով պիտի սկսին անհնազանդութեան երթեր եւ ցոյցեր:


Շաբաթավերջին եւս շարունակուեցան ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները:
8 Մայիսին Դիմադրութեան շարժման ինքնաշարժներով երթ մը ուղղուեցաւ դէպի Գիւմրի, ուր տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, հակառակ անոր որ Հոռոմի խաչմերուկին վրայ խումբ մը քաղաքացիներ փակեցին ճամբան՝ փորձելով Դիմադրութեան շարժման անդամներուն արգիլել մեկնիլ Գիւմրի: «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակցողները:
Դիմադրութեան շարժման բողոքի քայլերուն շրջագիծին մէջ, 7 Մայիսին, Ֆրանսայի հրապարակէն մեկնարկեց բազմահազարնոց երթը՝ բացառապէս կիներու եւ աղջիկներու մասնակցութեամբ: Երթը կը կրէր՝ «Յանուն խաղաղութեան, յանուն մեր երկրի անվտանգութեան, յանուն մեր երեխաներուն, յանուն մեր զոհուած տղաներուն ու վաղուան ապահով Հայաստանի, Արցախի» խորագիրը:
«Միացում, պայքար, յաղթանակ», «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Արցախ», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով, յաղթական երաժշտութեան հնչիւններուն տակ քայլերթը շարժեցաւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն: Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Ազգային ժողովի կին պատգամաւորներ, մշակոյթի գործիչներ, Դիմադրութեան շարժման աջակիցներ, զոհուած զինուորներու մայրեր եւ քոյրեր: Կիները Ֆրանսայի հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ, այնուհետեւ՝ Պարոնեան փողոցը, ուր կանգ առին՝ յարգելու Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին կողմէ մահացու արկածի ենթարկուած Սոնա Մնացականեանի յիշատակը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, Դիմադրութեան շարժման հանրահաւաքին ներկայ էին օրուան ընթացքին անհնազանդութեան զանազան ցոյցեր, երթեր եւ մարզային ինքնաշարժներով երթեր իրականացուցած քաղաքացիները: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց օրուան նշանաւոր իրադարձութիւնները՝ Լոռիի մարզին մէջ իրականացուած ինքնաշարժներով երթը, Ապարան եւ Սպիտակ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, Վանաձորի մէջ բազմամարդ հանրահաւաքը:
Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները խուզարկութիւններու սկսած են Արմաւիրի մարզի ՀՅԴ գրասենեակներուն մէջ: Դաշնակցութեան անդամներէն ոմանց ձերբակալած են եւ իրաւապահ մարմիններու վատագոյն աւանդութիւններուն համաձայն «գործ կը կատարեն»:
Սաղաթէլեան ներկայացուց ներկայ իշխանութեան հեռացումէն ետք Դիմադրութեան շարժման ծրագիրը, որուն առանցքը կը հանդիսանայ Ազգային Համաձայնութեան/Ժամանակաւոր Կառավարութեան կազմութիւնը։
«Այստեղ կուսակցական պայքար չկայ, արտօնեալ խմբեր ու անհատներ չկան, այստեղ համաժողովրդական ընդվզում է՝ յանուն իւրաքանչիւրիս արժանապատուութեան, յանուն ազգային ինքնութեան, յանուն արդար, ուժեղ, համերաշխ պետութեան, յանուն Արցախի, Հայաստանի: Վստահէ՛ք, մասնակցէ՛ք, մենք յաղթելու ենք», ըսաւ Սաղաթէլեան:

