Canadian-Turkish Advocacy Group-ի եւ Քանատայի թրքական դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հովանաւորութեամբ, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, Օթթաուա, Նոյեմբեր 3ին տեղի պիտի ունենայ «Turkey in the World: Implication for Canada» խորագրով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին «The Ottoman Armenian Question» նիւթը պիտի ներկայացնէ Մեծ Եղեռնը ուրացող պատմաբաններու դրօշակիրներէն՝ ամերիկացի պատմաբան Կունթըր Լէուի:
Հոկտեմբեր 23 թուակիր եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին ուղղուած նամակով մը, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր բողոքը արտայայտեց այս գիտաժողովին առնչութեամբ: Նամակին մէջ կը յիշուի Լէուիի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը խեղաթիւրելու գործունէութեան մասին, որ դատապարտուած է մինչեւ իսկ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան միջազգային հաստատութեան (International Association of Genocide Scholars) փոխնախագահ փրոֆ. Կէրի Սթանթոնի եւ այլ օտար ակադեմականներու կողմէ:
Նամակին վերջաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջուի նշեալ գիտաժողովը հովանաւորելու քայլէն հրաժարիլ: