ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Թանի իշխանը այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Ռայիսի հանդիպման աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին Իրան այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ «շրջադարձային կէտ» մը պիտի ըլլայ: Ան շեշտեց, որ պէտք է խզել Կազայի պաշարումը եւ վերջ տալ Իսրայէլի ոճիրներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ Եմէնի ժողովուրդի պաշարումին:
Իրանի նախագահը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի ընտանիքին՝ նշելով, որ Իսրայէլի ոճիրները «անոր ապահովութիւն պիտի չերաշխաւորեն, այլ անոր դէմ ատելութիւն պիտի սերմանեն»:
Քաթարի իշխանը իր կարգին ըսաւ, որ Իրանի նախագահին հետ քննարկած է «շրջանային թղթածրարները, նախ եւ առաջ Պաղեստինը, Եմէնը, Սուրիան եւ Իրաքը»՝ աւելցնելով. «Շրջանային տագնապները երկխօսութեամբ եւ խաղաղ ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը քննարկեցինք»:
«Այս այցելութեան ընթացքին նաեւ խօսեցանք (Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ընթացող) Վիեննայի բանակցութիւններուն մասին եւ Քաթար աշխատանք կը տանի զայն յառաջ մղելու՝ արդար համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ իշխանը:
Թամիմ իշխանը յայտնեց, որ իր այս այցելութիւնը Իրանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ պիտի մղէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները որակելով ամուր եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած: «Այս յարաբերութիւնները անցեալէն աւելի լաւ պէտք է ըլլան», ըսաւ ան:
Կը հաղորդուի, որ իշխանը հիւլէական համաձայնութեան վերակենդանացման ջանքերը քննարկելու համար մտադիր է նաեւ Գերմանիան եւ Բրիտանիան ներառող շրջապտոյտի մը ձեռնարկել: