ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջելով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին այցելութիւն տուաւ Թուրքիա եւ երկու նախագահները մասնակցեցան Արտուին-Ռիզէի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման արարողութեան:
Իր ելոյթին մէջ, Ալիեւ անդրադարձաւ Արցախի երկրորդ պատերազմին, որուն առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը Էրտողան եւ թուրք ժողովուրդը եղած է Ատրպէյճանի կողքին: Ալիեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը երբեք պիտի չմոռնան եւ մատնանշեց այն աշխատանքները, որոնց ձեռնարկած են Արցախը վերակառուցելու համար: Ալիեւ շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Շուշիի հռչակագիրով երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցի մակարդակին բարձրացած են: