ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի լոյսին տակ, ՆԱԹՕին միանալու՝ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մտայնութեան՝ Անգարայի առաջին հակազդեցութիւնը բացասական եղած էր։ Անգարա նախագահի մակարդակի վրայ տեղեկացուց, որ հաշտ աչքով չի դիտեր Սթոքհոլմի եւ Հելսինքիի անդամակցութեան հեռանկարը, ինչ որ առնուազն զարմանք յառաջացուց դաշինքին մէջ: Սակայն, շաբաթավերջին, ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու անպաշտօն հանդիպումէն ետք, Թուրքիայէն հնչած վերապահ ձայնը սկսաւ մեղմանալ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու տեղեկացուց, որ Շուէտ եւ Ֆինլանտա աջակցութիւն ցոյց կու տան Քիւրտիստանի բանուորական «ահաբեկչական» կազմակերպութեան՝ շեշտելով, որ Անգարա այս գծով շօշափելի քայլեր կ՛ակնկալէ իր ընդդիմութիւնը վերցնելէ առաջ: Ան շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ այդ երկու երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ:
Աւելի ուշ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ յայտնեց, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն մըն է եւ իր երկիրը կ՛ընդունի այս հանգամանքը: Տարակարծութիւն կայ Սուրիոյ քրտական ուժերու հարցով: «Սուրիոյ հիւսիսի քրտական ուժերուն նկատմամբ նոյն բանը չենք մտածեր: ՆԱԹՕի անդամ բազմաթիւ երկիրներ եւս այդպէս կը մտածեն», ըսաւ Լինտէ, անուղղակիօրէն ակնարկելով յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն:
Ֆինլանտայի ղեկավարութիւնը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Թուրքիոյ հետ այս ուղղութեամբ յառաջացած հարցերը կը հարթուին, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն տեսակցեցաւ Չաւուշօղլուի հետ եւ յայտնեց, թէ վստահ է, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕի անդամակցութեան հարցին շուրջ համախոհութիւն պիտի գոյանայ:
Իր կարգին, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Թուրքիա բացայայտօրէն նշած է, թէ իր մտադրութիւնը անդամակցութեան կասեցումը չէ, այլ իր դրած պայմաններու իրականացումը: Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնները քննարկման նիւթ պիտի դառնան: