ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանին մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում եւ ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց սովորական գործակցութենէ անդին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներ-եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական կեանքը ու ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք ըլլան համահունչ ներկայ պայմաններուն», ըսաւ Արամ Ա․ եւ վեց կէտերու մէջ ամփոփեց իր խօսքը.-
«1) Եկեղեցւոյ միութիւնը տեսական յղացք կամ աստուածաբանական համաձայնութիւն չէ շրջանէն ներս: Անիկա պէտք է ըմբռնուի որպէս համապարփակ գործակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ: Այս ծիրէն ներս Յարութեան տօնը միասին տօնելը հրամայական է: Անհրաժեշտութիւն մըն է սա, որ պարզապէս կը կարօտի եկեղեցական տոմարի որոշ փոփոխութեան:
«2) Աստուածաբանական ու եկեղեցագիտական ծրագիրներէն առաջ ժամանակն է, որ թէ՛ ՄԱԵԽը եւ թէ եկեղեցիները առաջնահերթութիւն տան քրիստոնէական դաստիարակութեան, հովուական առաքելութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքի այլ գործնական երեսներուն վերաբերող ծրագիրներուն:
«3) Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջին տարիներուն՝ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն ու յառաջացող տագնապներուն պատճառաւ: Առանց քրիստոնէական ազդու ու կազմակերպ ներկայութեան Միջին Արեւելքը պիտի կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը: Այս երեւոյթը կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ ողջ շրջանին համար: Հետեւաբար, եկեղեցիներ միասնաբար պէտք է դիմեն ազդու միջոցներու՝ կասեցնելու համար քրիստոնեաներու արտագաղթը:
«4) Սփիւռքի եկեղեցիներուն հետ Միջին Արեւելքի մայր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ծաւալի: Որեւէ ժամանակէ աւելի շրջանի եկեղեցիները կարիքը ունին Սփիւռքի իրենց համայնքներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան՝ յատկապէս կրթական ու ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:
«5) Իսլամներուն հետ գոյակցութիւնը իր աստուածաբանական երկխօսութենէն անդին պէտք է դառնայ գոյութենական գործակցութիւն երկու կրօնները իրարու միացնող հասարակաց արժէքներու ու մտահոգութիւններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ Խորհուրդը կոչուած է դիմելու կարեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանի իսլամական գլխաւոր կեդրոններուն հետ:
«6) ՄԱԵԽը եկեղեցիներէն դուրս կազմակերպութիւն մը չէ: Խորհուրդը եկեղեցիներն են: Հետեւաբար, ի՞նչ ձեւով կրնան եկեղեցիները աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել Խորհուրդի աշխատանքներուն: Իսկ միւս կողմէ, ի՞նչ ձեւով կրնայ Խորհուրդը դառնալ ծառայական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքէն ներս»:
Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք վերոյիշեալ կէտերը, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ վերոյիշեալ մտահոգութիւնները եւ ծրագիրները համապարփակ կերպով պէտք է քննարկուին թէ՛ Խորհուրդին եւ թէ եկեղեցիներուն կողմէ՝ նոր պայմաններու լոյսին տակ։
Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա․ շեշտեց ՄԱԵԽը վերակազմակերպելու հրամայականը:
