ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը անհանգիստ է եւ մտահոգիչ: Չորեքշաբթի օր սկսած վառելանիւթի տագնապը պաճառ դարձաւ, որ վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց ինքնաշարժներու հերթերը դարձեալ ի յայտ գան:
Միւս կողմէ, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին փոխարժէքը բարձրացաւ 31,000ի, ապա նուազեցաւ 30,500ի:
Աւելի ուշ, փուռերու սեփականատէրերու միութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ հացի տագնապ կրնայ ծագիլ, անկախ այն իրողութենէն, որ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Նապաթիէի եւ Սայտայի, հացի տագնապը արդէն իսկ սկսած էր:
Երեկոյեան, կարգ մը ցուցարարներ փակեցին Կեդրոնական Պէյրութի Մուհամմատ Ամին մզկիթը տանող ճամբաները եւ ժամ մը ետք նաեւ Ռինկի կամուրջը, իսկ հանրային փոխադրութեան մարզի ինքնաշարժներու վարորդները փակեցին ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիի փողոցը:
ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՄԱԳԻԾԸ
Միւս կողմէ, «Ճազիրա»ն կը գրէ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ «Հըզպալլա»ի գլխաւորած ընտրական դաշինքը զգալի թիւով աթոռներ կորսնցուց, որուն պատճառով մեծամասնութիւն չէ խորհրդարանին մէջ։
Արդարեւ, նախորդ խորհրդարանաին մէջ 71 աթոռներ ունեցող Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակը նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ միայն 58 աթոռներ (ըստ «Ռոյթըրզ»ի այս թիւը 62ի կրնայ հասնիլ)։
128 աթոռներ հաշուող Լիբանանի խորհրդարանին մէջ պէտք է ունենալ 65 երեսփոխաններ պարզ մեծամասնութիւն ապահովելու համար։
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակը, քննարկելէ ետք երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները՝ հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն՝ ընտրական բանավէճին վերջ տալու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի բարգաւաճումը երաշխաւորել:
Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի դաշնակից մարոնիներու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ապահովեց միայն 18 աթոռներ, ինչ որ երկու աթոռով նուազ է «Լիբանանեան ուժեր»ու ապահոված աթոռներու թիւէն։