ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտական մամուլը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ «Համաս»ի կողմէ գերի բռնուած իսրայէլացի զինուորը պաղեստինցի բանտարկեալներով փոխանակելու համաձայնութիւն մը մօտալուտ է, եւ այս նպատակով «Համաս»ի ղեկավար Խալէտ Մեշաալ շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոս այցելէ: Իսրայէլացի զինուորը Յունիս 25ին ձերբակալուած էր:
Կազայի մէջ, «Համաս»ի բանբեր մը ընդունեց, թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ հասած են «վճռորոշ հանգրուանի մը», սակայն շեշտեց, թէ վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած: «Գնդակը հիմա Իսրայէլի դաշտն է», աւելցուց ան: