
Կիրակի, 22 Մայիսին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Հրակ սրկ. Գալայճեանի, Շանթ սրկ. Գատէհճեանի եւ Նարեկ սրկ. Ֆիլիքեանի կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնը եւ օծումը՝ վերանուանուելով՝ Արմէն աբեղայ, Առաքել աբեղայ եւ Ազատ աբեղայ:
Կոչեցեալները Աստուծոյ եւ բազմահարիւր ժողովուրդին դիմաց ծունկի եկած՝ «Աստուածայի՜ն եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհէն, մեղքի կեանքէն եւ իրենց հին մարդէն՝ դառնալով նո՛ր մարդ՝ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին նուիրուելով: Ապա, Միւռոնաթափ Ս. Աղաւնին, խարտաւիլակ հայր սուրբը Մայր տաճարի Ս. Երրորդութեան Խորանէն բերաւ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որմով օծեց նորընծաներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը: Արարողութիւնը շարունակուելով կատարուեցաւ վեղարի օրհնութեան եւ տուուչութեան կարգ:
Նորոգ ձեռնադրեալ հայր հուրբերուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան զոյգը: Օծումէն ետք, մկրտարանին մէջ, ձեռամբ կնքահօր, կատարուեցաւ լուացումը երեք նորաօծ քահանաներու ճակատները եւ ձեռքերը:
Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը, նուիրեալները օծելէ ետք, յաւուր պատշաճի քերոզեց: Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն յայտնելէ ետք, ան իր խօսքը ուղղելով հայրապետին՝ որդիական իր երախտապարտութիւնը յայտնեց, որ վեհափառը իրեն դարձեա՛լ առիթը ընծայեց պատարագելու Մայր Տաճարիս Ս. Սեղանին վրայ եւ այս անգամ օծելու հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ երեք նոր ոյժերը: Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորեց կաթողիկոսը, միաբանութիւնը, տէր եւ տիկին Յովակիմեանները, նուիրեալներու ծնողները եւ ժողովուրդը ամբողջ:
Քարոզի աւարտին, շնորհաւորական ու երախտագիտութեան խօսքը արտասանելէ ետք, խօսքը ուղղելով վեհափառին՝ Թորգոմ սրբազանը ըսաւ. «Վեհափառ տէր, այսօր լաւագոյն առիթը կը համարեմ ձե՛ր բեմէն, Ս. Աթոռի կեդրոնէն, յանուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի գործադիր իշխանութեանց, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ մեր հազարաւոր ժողովրդեան, ձեզ պաշտօնապէս հրաւիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ, որպէսզի ձեր ե՛ւ հայրական ե՛ւ հայրապետական ներկայութեամբ մխիթարութիւն ապրին մեր ժողովուրդի զաւակները»:
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, վեհափառին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբան հայրերը Ս. խորան բարձրացան եւ նորընծաներուն նորաօծ ճակատը եւ ձեռքերը համբուրելով՝ ողջունեցին անոնց նոր առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին մէջ:
Աւարտին, միաբանական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վեհարան, ուր նորընծաները ստացան հայրապետին անդրանիկ օրհնութիւնը: